«Նապուքօ»-էն Մնաց Միայն «Արեւմտեան Նապուքօ»-ն
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Նապուքօ» խողովակաշարի նախագիծի անդամ կազմակերպութիւններուն մեծ մասը, Թուրքիայէն անցնող կազի խողովակաշարին սպասուող հաւանական խոչընդոտները հաշուի առնելով, ողջունած է կազի խողովակաշարի կրճատուած տարբերակի նոր ներկայացուած նախագիծը:
Կրճատուած կազատարը պիտի կոչուի «Արեւմտեան Նապուքօ», պիտի կազմէ նախկին 3900 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարին շուրջ կէսը եւ աւելի քիչ քանակութեամբ կազ պիտի տեղափոխէ:
Կազատար խողովակաշարը կրճատելու ծրագիրները ներկայացուած են բրիտանական քարիւղի «Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութեան եւ «Շահ տենիզ»-ի երկու հանքավայրերու պատասխանատու առեւտրական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն:
«Շահ Տենիզ»-ի հանքերու ընդլայնման պատասխանատու «Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութեան փոխնախագահ Ալ Քուք «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վերատեսութեան ենթարկուած նախագիծը «մէկ քայլ առջեւ» որակած է:
«Մենք կը կարծենք, որ «Արեւմտեան Նապուքօ»-ն աւելի լաւ առաջարկ է, եւ իսկապէս շատ գոհ ենք», ըսած է ան:
«Արեւմտեան Նապուքօ»-ն պիտի անցնի Թուրքիա-Պուլկարիա սահմանը` հասնելով մինչեւ Աւստրիա: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ «Նապուքօ» նախագիծի սկզբնական տարբերակի իրականացումը վտանգուած էր նոր «Թրանսանատոլիական» խողովակաշարի նախագիծին պատճառով:
«Շահ Տենիզ» առեւտրական ընկերակցութիւնը դէպի Եւրոպա ազրպէյճանական կազի արտահանման ուղիներու հարցին մէջ իր ընտրութիւնը պիտի կատարէ մինչեւ 2013-ի կէսերը: