Մարմնամարզութիւն. Վահագն Դաւթեան Ապահովեց Արծաթէ Մետալը
Հայկական լրատու աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցող մարմնամարզութեան աշխարհի բաժակի մրցումներուն ընթացքին (FIG Art Gym Challenge Cup), Հայաստանի ներկայացուցիչ Վահագն Դաւթեան օղակներու մրցումներուն նուազագոյնը տիրացած է արծաթ մետալին` ապահովելով աւարտականին իր տոմսը:
Դաւթեանէն բացի, Հայաստանը կը ներկայացնէին նաեւ Սերոբ Սողոմոնեան, Արթուր Դաւթեան եւ Արթուր Թովմասեան:
Նշենք, որ Արթուր Դաւթեան, որ գրաւեց չորրորդ դիրքը, արդէն իսկ ապահոված է 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու իր տոմսը:
Նշենք, որ այս մրցումներուն մասնակցեցան 40 երկիրներէ ժամանած 300 մարզիկներ:
CATEGORIES Մարզական

