Եւրոպայի Ֆութպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Վաղը` Հայաստան-Աւստրիա

Աղջկանց ֆութպոլի 2013-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 1 ապրիլին, Երեւանի Միքա մարզադաշտին վրայ Հայաստան կը հիւրընկալէ Աւստրիան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 14:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը` գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Վաղարշակ Ասլանեանի, այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի կատարէ իր վերջին փորձը, որմէ ետք Ասլանեան պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը:

Օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան պուլկարացիներ Անելիա Սինապովա (կեդրոն), Տենիցա Քրումովա եւ Եորտանքա Քորչեւա: Չորրորդ իրաւարարն է Լիանա Գրիգորեան:

Ստորեւ կու տանք Հայաստանի կազմը.

Բերդապահներ.- Աննա Կարապետեան եւ Թագուհի Գրիգորեան:

Յետսապահներ.- Մարինէ Կարապետեան, Արմինէ Խաչատրեան, Տաթեւիկ Մանուկեան, Սոֆիկ Թորոսեան, Յասմիկ Երեմեան եւ Մարիամ Ստեփանեան:

Միջնապահներ.- Արփինէ Արզումանեան, Անի Ղուկասեան, Աննա Կարապետեան, Լիլիթ Կարապետեան, Քրիստինէ Մանկասարեան եւ Օլկա Օսիփեան:

Յառաջապահներ.- Քրիստինէ Ալեքսանեան, Գոհար Արմէնեան, Քրիստինէ Յակոբեան եւ Գայեանէ Կոստանեան:

Share this Article
CATEGORIES