Լիբանանեան Բանակը Երեք Յանցագործներ Կը Ձերբակալէ
Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ շաբաթ կէս գիշերուան շուրջ ժամը 23:45-ին, չորս զինեալներ գնդացիրներով կրակ բացին Պապ Թապպանէի մէջ գտնուող բանակի անցարգելին դէմ եւ վիրաւորեցին երեք զինուորներ:
Բանակը իսկոյն հալածեց անծանօթ զինեալները, որոնք փախուստ տուին եւ փորձեցին անհետանալ Պապ Թըպպանէի փողոցներուն մէջ:
Իր հետապնդումներուն շնորհիւ, բանակը կրցաւ այդ չորս յանցագործներէն երեքը ձերբակալել:
Բանակի հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ այդ միջադէպը ուղղակի թիրախ կը դարձնէ Թրիփոլիի ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը` աւելցնելով, որ բանակի հրամանատարութիւնը երբեք թուլամորթ պիտի չգտնուի նման ապօրինութիւններուն եւ ապահովական խախտումներուն դիմաց:
CATEGORIES Լիբանանեան

