Երեւանի Մէջ Սկսան Հանրապետական 13-րդ Մարզական Խաղերը

PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ երէկ` երկուշաբթի, 2 ապրիլին, հայ-ռուսական համալսարանի մարզահամալիրին մէջ սկսան զինեալ ուժերու կազմաւորման 20-րդ տարեդարձին նուիրուած բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներու հանրապետական 13-րդ մարզական խաղերը` բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք:

Մարզական այս խաղերը տեղի պիտի ունենան ապրիլին, մայիսին եւ հոկտեմբերին` 8 մարզաձեւերով: Անոնք են` փինկ փոնկ, ճատրակ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, հենտպոլ, քրոս-քաունթրի, մինի-ֆութպոլ եւ լողարշաւ:

Բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, Ուսանողական մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Աշոտեան, որ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ խաղերուն բոլոր մասնակցողները անխտիր: Յոյսով եմ, որ փորձառութիւն ձեռք ձգելով, յառաջիկային միջազգային եւ եւրոպական համալսարանական մրցաշարքերուն մասնակցելով, շատ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը ձգէք եւ բնականաբար Հայաստան կը վերադառնաք մետալներով»:

Զինեալ ուժերու կազմաւորման 20-ամեակին նուիրուած խաղերը կազմակերպուած են Հայաստանի գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան, Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին եւ Հայաստանի Ուսանողական մարզական ֆետերասիոնին կողմէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES