Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Դեսպան Քոչարեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 3 ապրիլ 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Դեսպան Քոչարեան վեհափառին զեկուցեց քանի մը օրեր առաջ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի դրամատնային պատասխանատուներուն եւ նոյն մարզի Լիբանանի պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մասին: Ան նաեւ տեղեակ պահեց յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ծիրին մէջ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Գրողներու միութեան ու հայագէտներու հանդիպման մասին:

Վեհափառը ջերմօրէն ողջունեց Հայաստան-սփիւռք տակաւ աճող գործակցութիւնը եւ շեշտեց սփիւռքի մասնակցութեան կարեւորութիւնը համազգային բնոյթ ունեցող բոլոր ձեռնարկներուն եւ ծրագիրներուն:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ ակնարկ եղաւ շրջանին մէջ Թուրքիոյ հետզհետէ ծաւալող դերակատարութեան եւ շեշտուեցաւ միասնական ճիգով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները հետապնդելու կարեւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES