«Ելեկտրական Հոսանք Արտադրող Նաւերը Վարձելու Առումով Արձանագրուող Ուշացումին Պատասխանատուութիւնը Կը Կրէ Վարչապետը» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերը վարձելու առումով արձանագրուող ուշացումին պատասխանատուութիւնը կը կրէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:
Զօր. Աուն ահաւոր նկատեց այն իրականութիւնը, թէ ոմանք լիբանանեան պետութեան գործադրելիք իւրաքանչիւր ծրագիրէն շահեր կը փորձեն ապահովել:
Զօր. Աուն նկատել տուաւ նաեւ, որ համախմբումը քննարկած է օր ցերեկով գործուող աւազակութեան ու ոճիրներու թղթածրարը` ներքին գործոց նախարարին ուշադրութեան յանձնելով, որ յաւելեալ բծախնդրութեամբ պէտք է հետեւիլ ապահովական այդ միջադէպերուն:
Ակնարկելով ընտրական օրէնքին` զօր. Աուն ընդգծեց, որ համախմբումը չի փափաքիր այս կամ այն քաղաքական կողմին ներկայացուցչութիւնը նուազեցնել, այլ կը ցանկայ, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովուի լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ:
Ան խստիւ դատապարտեց կառավարութեան կողմէ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին պատրաստութեան առումով արձանագրուած ձգձգումը:


