«Մինսքի Խմբակին Մէջ Ֆրանսայի Փոխարինումը Բացառուած Է» Կ՛Ըսէ Ֆիւլէ
Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ ըսած է, թէ բացառած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի փոխարինումը:
Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին:
«Մենք կ՛աջակցինք Մինսքի խմբակին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ, եւ ատիկա ամրագրուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի փաստաթուղթերով: Այս մասին փոփոխութեան ոչ մէկ խօսք կրնայ ըլլալ», ընդգծած է ան:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մասին` Ֆիւլէ ըսած է, որ խնդիրը եղած է իր եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումին առանցքը:
Ան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը առաւելագոյն ջանքեր պիտի գործադրէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար:


