ՃԱՏՐԱԿ. Սերկէյ Մովսիսեան Պիտի Մասնակցի Ռուսիոյ Խմբային Ախոյեանութեան

Սերկէյ Մովսիսեան

«Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը, իր հրապարակած լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնէն, կը յայտնէ, որ Հայաստանի կրանտմասթըրներէն Սերկէյ Մովսիսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ 8-16 ապրիլին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք Ռուսիոյ ճատրակի խմբային ախոյեանութեան` Ս. Փեթերսպուրկի ճատրակի մարզադպրոցի խումբին հետ:

Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տղոց 18 եւ աղջկանց 7 խումբեր:

Նշենք, որ Ս. Փեթերսպուրկի Միհայիլ Չիքորինիի անուան խումբին հետ ելոյթ պիտի ունենայ հայազգի Ալինա Բալայեան, որ վերջերս Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած աղջկանց ճատրակի ախոյեանութեան տիրացաւ պրոնզ մետալին:

 

Share this Article
CATEGORIES