Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ – Մահրամ` 1-1
Երէկ յետմիջօրէին, Ռիատի Պէյրութի դաշտին վրայ (Մանարա) տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը` լիբանանեան Ռիատի խումբին եւ իրանեան Մահրամ խումբին միջեւ:
Հիւր կազմը, որ նախանցեալ օր 91-87 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, 67-59 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1):
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 18-26, 15-12, 19-14 եւ 15-7:
Նշենք, որ երկրորդ քորթըրին սկիզբը, Ռիատիի մարզիկներէն Տեուարիք Սփենսըր վիրաւորուելով դաշտէն դուրս եկաւ:
CATEGORIES Մարզական