Կռփամարտ. «Վստահ Եմ, Որ Դարձեալ Աշխարհի Ախոյեան Պիտի Հանդիսանամ» Կ՛Ըսէ Վիք Դարչինեան

Վիք Դարչինեան

8 շաբթուան փորձերէն ետք, կռփամարտիկ Վիք Դարչինեան (Հայաստան) կը յայտնէ, որ պատրաստ է Շինուսոք Եամանաքայի (Ճափոն) դէմ տեղի ունենալիք ճակատումին:

Ատկէ բացի, ան ինքնավստահօրէն կ՛ըսէ, որ անկէ պիտի խլէ WBC-ի ախոյեանական գօտին, կը յայտնէ PanARMENIAN.Net:

Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 6 ապրիլին` Թոքիոյի մէջ գտնուող «Թէյքեն Ճիմ» մարզահամալիրին մէջ:

Իր խօսքին մէջ Դարչինեան կ՛ըսէ. «Կու գամ խոստովանելու սակայն, որ Ճափոնի մէջ յաղթանակ արձանագրելը այդքան ալ դիւրին չէ: Այսուհանդերձ ես մարտական տրամադրութիւն ունիմ եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեմ, որպէսզի հայրենիք վերադառնամ ախոյեանական նոր գօտիով մը: Վստահ եմ, որ դարձեալ աշխարհի ախոյեան պիտի հանդիսանամ»:

Դարչինեան կռփամարտի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կատարած է 37 մրցում` 27-ին իր յաղթանակը արձանագրելով նաք-աութով: Իսկ անոր ճափոնցի մրցակիցը կատարած է 12 ճակատում եւ նաք-աութով արձանագրած 11 յաղթանակ:

Անդրադառնալով տեղի ունենալիք այս ճակատումին` Դարչինեանի մարզիչ Վազգէն Պատալեան կ՛ըսէ. «Իր կրած վերջին պարտութենէն ետք, այժմ Դարչինեան իր փորձերը կը կատարէ մեծ կեդրոնացումով եւ կը ցանկայ յաղթանակ արձանագրել: Ան ֆիզիքապէս շատ զօրաւոր ըլլալով իր մրցակիցէն, պէտք է ճիշդ մարտավարութիւն ընտրէ, խորամանկ հարուածներ հասցնէ եւ յարձակողական ոճ որդեգրէ: Ամէնէն կարեւորը այն է սակայն, որ եթէ ան իր երկու ձեռքերը օգտագործէ, կրնայ յաղթել իր մրցակիցին»:

Share this Article
CATEGORIES