ԺԱՀԺԱՀ ՓՐԿՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀԱՓՈՐՁԷ ՄԸ

Երէկ առաւօտեան, մինչ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ կը շրջագայէր Մաարապի իր բնակարանի պարտէզին մէջ, տեսաւ գեղեցիկ ծաղիկ մը: Ծաղիկը քաղելու ընթացքին լսեց իր ուղղութեամբ գնդացիրէ արձակուած կրակոցներ եւ գետին պառկելով փրկուեցաւ ստոյգ մահափորձէ մը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան Մաարապի մէջ Ժահժահի ուղղութեամբ կրակոց արձակուած է:

Այդ մասին երեսփոխան Անթուան Զահրա նշեց, որ ապահովական կառոյցներուն կողմէ արդէն իսկ հետաքննութիւն բացուած է:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կէսօրէ ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ

ինք ոչ ոք կրնայ ամբաստանել այդ յանցանքով` աւելցնելով սակայն, որ ինք որոշ կասկածներ ունի որոշ քաղաքական կողմի մը մասին: «Սակայն ես իմ կասկածներս չեմ կրնար բացայայտել, մինչեւ բացուած հետաքննութեան արդիւնքներու յանգիլը», ըսաւ Ժահժահ:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սամիր Ժահժահի հետ եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր` շեշտելով, որ Ժահժահը մահափորձի թիրախ դարձնելը կը միտի քաղաքական կեանքին մէջ իր տեղն ու կշիռը ունեցող խորհրդանիշ մը ջնջել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES