ՀՅԴ-ն Եւ ՀԱՔ-ը Ոստիկանութենէն Կը Պահանջեն Տրամադրել Հայաստանէն Մշտապէս Բացակայող Քաղաքացիներու Ցանկը

Երէկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանէն խնդրեցին իրենց տրամադրել Հայաստանէն մշտապէս բացակայող, բայց ընտրացուցակներուն մէջ ընդգրկուած քաղաքացիներուն լիակատար ցանկը:

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտնեց,  որ երկրէն մշտապէս բացակայող, սակայն ընտրացուցակներուն վրայ ընդգրկուած քաղաքացիներուն վերաբերեալ հարցը ՀՅԴ-ն բարձրացուցած է տակաւին Ընտրական օրէնսգիրքի քննարկումներուն ժամանակ: Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ն կը պահանջէր, որ հարցը պէտք էր սրբագրուէր Ընտրական օրէնսգիրքով, որպէսզի անոնք, որոնք բացակայ են, առանձնացուէին ցուցակէն:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն դիտարկման, որ ոստիկանութիւնը կը պնդէ, թէ չի տիրապետեր Հայաստանէն բացակայող քաղաքացիներու տուեալներուն, Ռուստամեան տարակուսեցաւ հարց տալով, թէ անոնք միւս տուեալներուն կը տիրապետեն եւ այդ տուեալներուն չե՞ն տիրապետեր: Ըստ անոր, անոնք իրենց պէտք եղած տուեալներուն կը տիրապետեն, իսկ պէտք չեղածներունը` ոչ:

ՀՅԴ ներկայացուցիչը նշեց, որ ոստիկանութեան յայտարարութիւնը իրենց հաւատք չի ներշնչեր, եւ յստակ է, որ ցուցակները ուռճացուած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES