Ֆինլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարը` Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքքի Թուոմիոյան:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց հիւրը եւ ընդգծեց, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ Սկանտինաւեան երկիրներու եւ մասնաւորաբար Ֆինլանտայի հետ համագործակցութեան զարգացումն ու յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդումը:
Ըստ նախագահին, Հայաստան բարձր կը գնահատէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ Ֆինլանտայի հետաքրքրութիւնն ու ջանքերը, շրջանի երկիրներուն եւ հիմնախնդիրներուն նկատմամբ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւնը:
Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքքի Թուոմիոյա գոհունակութեամբ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ֆինլանտայի միջեւ երկկողմանի, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ աշխուժօրէն զարգացող յարաբերութիւններու մասին:
Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ համագործակցութիւնը:
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքքի Թուոմիոյի հանդիպումը:
Նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրեցին համապարփակ համագործակցութիւնը զարգացնելու փոխադարձ շահագրգռութիւնը` ընդգծելով, որ անոր համար գոյութիւն ունին անհրաժեշտ քաղաքական կամք եւ լաւ նախադրեալներ:
Երկու նախարարները անդրադարձան Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան եւ այդ ձեւաչափին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէին Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:
Զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան շարք մը միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու վերաբերեալ: Այս ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Նալբանդեան Տուոմիոյայի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Անդրադառնալով այն փաստին, թէ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Պաքու այցելող բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն կը փորձեն յայտարարութիւններ կորզել ղարաբաղեան խնդիրին վերաբերեալ` շեշտադրում կատարելով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի վրայ, Նալբանդեան ըսաւ, որ Պաքու միշտ կը փորձէ շանթաժի ենթարկել Ազրպէյճան այցելող պատուիրակութիւնները` կորզելու համար միակողմանի ձեւակերպումներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ:
Ըստ նախարար Նալբանդեանի, յստակ է, որ ինքնորոշման իրաւունքը, ինքնորոշման սկզբունքը միջազգային հանրութեան կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն է: Այս սկզբունքն է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հիմքը, զոր կ՛առաջարկեն Մինսքի խմբակի եռանախագահները այլ սկզբունքներու հետ միասին: Ան աւելցուց, որ այն որոշումներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ, որոնք ընդունուած են ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ, յստակօրէն կը նշուի ինքնորոշման իրաւունքը, եւ եռանախագահները բազմիցս յայտարարած են ամէնէն բարձր մակարդակով նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է որոշէ իր ճակատագիրը, իր ապագայ կարգավիճակը:
Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ այդ փորձերը ոչ թէ նպատակ ունին նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, այլ փոշի ցանել հանրութեան աչքերուն: Ըստ անոր, ասիկա օգտակար չէ լուծման հոլովոյթին համար:


