Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանան Եւ Իրան Մեծ Յաղթանակով Սկսան Մրցաշարքը

Լիբանանի տղոց ազգային խումբը

Երէկ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) 13-րդ ախոյեանութեան` ներկայութեամբ պաշտօնական հիւրերու:

Անոնց կարգին էին Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սէուտ Պըն Ալի, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներ, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Սրապոնեան եւ ուրիշներ:

Բացման մրցումը իրարու դէմ հանեց Իրանը եւ Յորդանանը: Անիկա աւարտեցաւ Իրանի յաղթանակով` 76-39 արդիւնքով:

Իրանի նման մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ այս մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Լիբանան, որ 93-53 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եմէնը:

Նշենք, որ մրցաշարքին մասնակցող հինգերորդ խումբն է Սուրիա, որ այսօր յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին պիտի մրցի Իրանի դէմ: Երեկոյեան ժամը 19:00-ին տեղի ունենալիք մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Յորդանանը եւ Եմէնը:

 

Share this Article
CATEGORIES