Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Աւարտեց Քաղաքացիութիւնը Իր Զաւկին Շնորհելու Լիբանանցի Կնոջ Իրաւունքին Մասին Օրինագիծին Մշակումը
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանը երէկ Պաապտայի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ դիւանի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամի:
Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը աւարտած է լիբանանեան քաղաքացիութիւնը իր զաւկին շնորհելու առումով լիբանանցի կնոջ իրաւունքին վերաբերող օրինագիծին մշակումը, ինչպէս նաեւ որոշուած է այդ օրինագիծը փոխանցել պատկան մարմիններուն:
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը բարձր գնահատեց կառավարութեան կողմէ իր ներկայացուցած առաջարկներն ու պահանջները հաշուի առնելու իրականութիւնը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հատուցումներու եւ օժանդակութիւններու տուչութեան օրէնքներու փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ 8 մարտը Կիներուն միջազգային օր պահելու պահանջներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան