Նախարար Սապունճեան Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Ստորագրեց «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Հետ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան «ԼԻՌԱ» ծրագիրի շրջագիծին մէջ երէկ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանին հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը` քաջալերելու համար ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող լիբանանեան հետազօտութիւններն ու նուաճումները:
Համաձայնագիրը ստորագրեցին նախարար Սապունճեան եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի նախագահ Ժոզեֆ ժապրա` ներկայութեամբ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի եւ Գիտական հետազօտութեան ազգային խորհուրդի նախագահ Մույին Համզէի:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ համաձայնագիրին նպատակն է ամրապնդել գործակցութիւնը եւ բարելաւել ճարտարարուեստի մարզը զարգացնող հետազօտութիւնները:
Նախարար Սապունճեան ընդգծեց նաեւ, որ նման կեդրոններու կառուցման անհրաժեշտութիւնը հետզհետէ աւելի կը զգացուի` լիբանանցի մասնագիտացած երիտասարդներուն աշխատանք տրամադրելու եւ հետեւաբար արտագաղթի ընտրանքը զանց առնելու ծիրին մէջ:


