Գորշ Գայլերը Ֆրանսահայերուն Դէմ Կը Գործեն Թրքական Գաղտնի Սպասարկութիւններուն Եւ Կառավարութեան Հետ Համագործակցութեամբ
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան անդրադառնալով Ֆրանսայի Ներքին տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէնութեան Ֆրանսայի մէջ թրքական ազգայնական շարժումներուն մասին զեկուցումին (տես` «Ազդակ», չորեքշաբթի, 4 ապրիլ 2012, էջ 5)` «Երկիր Մետիա»-ին կը յայտնէ, որ «մենք գիտենք, որ (թրքական) գաղտնի սպասարկութիւններուն, զինուորականներուն, թրքական կառավարութեան եւ Գորշ գայլերուն միջեւ հայկական հարցին շուրջ համաձայնութիւն կայ: Ասիկա միակ հարցն է, որուն շուրջ կրնան համաձայնիլ, որպէսզի մեզ տկարացնեն: Կը փորձեն վախի մթնոլորտ ստեղծել, կը հետեւին, հաղորդագրութիւններ կ՛ուղարկե»:
«Վտանգը այն է, որ մենք այսօր Ֆրանսայի մէջ ունինք քաղաքական կշիռ մը, զոր անոնք կ՛ուզեն հակակշռել: Շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ անոնք ունին թրքական պետութեան, իսկ մենք` Ֆրանսայի հայկական համայնքի միջոցները, զորս համեմատելը անկարելի է»:
«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ թրքական կողմը արդէն քայլերու ձեռնարկած է Ֆրանսայի Ներքին տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէնութեան պատրաստած զեկուցումը կեղծ յայտարարելու ուղղութեամբ: Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ ըստ իրենց տեղեկութեանց, նման զեկուցում չէ եղած: Սակայն Ֆրանսայի Ներքին տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ այս առնչութեամբ պաշտօնական որեւէ մեկնաբանութիւն չէ կատարուած:
Թուրքիոյ մէջ արդէն պաշտօնապէս հրապարակուած է 1990-ական թուականներուն Թուրքիոյ վարչապետին ներկայացուած յատուկ զեկուցումը, ուր հանգամանալից կերպով ներկայացուած են 80-ական թուականներուն Ֆրանսայի հայ հասարակական եւ քաղաքական գործիչներու, ազգային, մշակութային հաստատութիւններու դէմ գործուած այն յարձակումներն ու մահափորձերը, որոնք կատարուած են ազգայնական խումբերու հիման վրայ ձեւաւորուած եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան համակարգին մէջ ոչ պաշտօնապէս գործած տարրերու կողմէ: Անոնց ղեկավարը «Մաֆիա»-ի եւ թրքական գաղտնի կառոյցներու համակարգին միջեւ «կամուրջ»-ի դեր ունեցած Ապտուլլահ Չաթլըն էր, որուն խորհրդաւոր մահը մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ ներքաղաքական ազդեցութիւն ունի:
Ասոնք փաստեր են, որոնք արդէն Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս կը հրապարակուին: «Թուրքիոյ անվտանգութեան կառոյցի գաղտնի պատմութիւն» խորագիրով գիրքը օրինակներէն մէկն է: Գիրքի հեղինակ Թունճայ Էօզքան արդէն երկու տարիէ ի վեր կը գտնուի բանտը:


