Կռփամարտ. Պայքար` Ողիմպիական Խաղերու 7 Տոմսերու Համար
Յառաջիկայ 13-22 ապրիլին Տրապիզոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ կռփամարտի մրցաշարք մը, որ յատկացուած պիտի ըլլայ Ողիմպիական խաղերու տոմս ապահովելու:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան ըսաւ, որ հայրենի 7 կռփամարտիկներ պիտի պայքարին 7 տոմսերու համար:
Այդ եօթն են` Կորիւն Սողոմոնեան (49 քկ), Յովհաննէս Դանիէլեան (52 քկ), Արամ Աւագեան (56 քկ), Վլատիմիր Սարուխանեան (60 քկ), Արա Պուլուզեան (64 քկ), Հրայր Մաթեւոսեան (69 քկ) եւ Արթուր Խաչատրեան (81 քկ):
Իր խօսքին մէջ, Աղամալեան ըսաւ, որ թէեւ կազմը վերջնական է, սակայն կրնայ պատահիլ, որ փոփոխութիւն տեղի ունենայ, եթէ մարզիկներէն մէկը փորձերու ընթացքին լուրջ վնասուածք ստանայ:
Այժմ, հայրենի կռփամարտիկները ուսումնամարզական հաւաք կը կատարեն Աբովեանի մէջ գտնուող Գագիկ Ծառուկեանի անուան մարզահամալիրին մէջ:
11 ապրիլին հայկական պատուիրակութիւնը փոխադրակառքով պիտի մեկնի Թիֆլիս, ուրկէ օդանաւով` Պոլիս եւ Տրապիզոն:
Նշենք, որ Հայաստանէն Ողիմպիական խաղերու տոմս կրցած է ապահովել միայն մէկ կռփամարտիկ` Անդրանիկ Յակոբեան (75 քկ):

