ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. 18 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ

Մասնակցութեամբ 32 խումբերու` բաժնուած 6 խմբակի, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումները:

Ա., Բ. եւ Գ. խմբակներուն պատկերը յստակացաւ` նկատի ունենալով, որ առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւող խումբերը անցան յաջորդ հանգրուան:

Ա. խմբակէն իրենց տոմսերը ապահովեցին Պարաղեմ Նապաթիէ եւ Շապապ Ֆաուար, Բ. խմբակէն` Շանվիլ եւ Ժամհուր, իսկ Գ. խմբակէն` Մոն լա Սալ եւ Մար Եուսեֆ (Պէյթ Քըքքօ):

 

Share this Article
CATEGORIES