Թուարեկ Ըմբոստներ Հիւսիսային Մալիի Մէջ Անկախութիւն Կը Հռչակեն

Թուարեկ զինեալներ

Թուարեկ ըմբոստներ անցեալ ամիս Հիւսիսային Մալին իրենց վերահսկողութեան ենթարկելէ ետք անկախութիւն հռչակեցին` շրջանը կոչելով Ազաուատ:

Ազաուատի ազատագրութեան ազգային շարժումը երէկ իր կայքէջին վրայ յայտարարութիւն մը զետեղելով անկախութիւն յայտարարեց` աւելցնելով, որ պիտի յարգէ դրացի երկիրներուն հետ գոյութիւն ունեցող սահմաններն ու ՄԱԿ-ի ուխտը: Յայտարարութիւնը նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց շրջանի անկախութիւնը ճանչնալու:

Շարժումը կազմուած է անցեալ տարի եւ մասամբ բաղկացած է Լիպիոյ մէջ Մոամմար Քազզաֆիի ի նպաստ ճակատամարտներէն վերադարձած եւ լաւապէս զինուած զինեալներէ: Սակայն ՄԱԿ ահազանգ հնչեցուց, որ ըմբոստ ուժերու շարքին է Անսար Տին խմբակը, որ Քայիտայի հետ կապեր ունի եւ կ՛ուզէ ամբողջ երկրին մէջ իսլամական օրէնք պարտադրել:

Ի տարբերութիւն Ազաուատի ազատագրութեան ազգային շարժումին` Անսար Տինը հիւսիսային անկախ պետութեան մը գոյութեան գաղափարին չի զօրակցիր: ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ անոնք արդէն սկսած են Հիւսիսային Մալիի կարգ մը շրջաններուն վերահսկել:

 

Share this Article
CATEGORIES