Ռուբէն Հայրապետեան Այցելեց «Հրազդան» Մարզադաշտ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան երէկ յատուկ այցելութիւն մը տուաւ «Հրազդան» մարզադաշտ` մօտէն տեղեակ ըլլալու համար վերանորոգման աշխատանքներուն:

Կարճ ատեն մը ետք, Հայրապետեանի միացաւ մարզադաշտին սեփականատէրը` Աշոտ Աղապապեան:

Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Հայրապետեան նշեց, որ մարզադաշտին վերանորոգման ծախսը կը գնահատուի շուրջ 10-15 միլիոն ամերիկեան տոլարով:

Ապա, անուանի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւա մօտենալով Հայրապետեանի, անոր նուիրեց արցախեան պատերազմին նուիրուած իր աշխատանքներէն` փափաք յայտնելով, որ հայկական ֆութպոլը ներկայացնող անձեր շարունակեն մեծ ոգիով պայքարիլ միջազգային գետնի վրայ:

Share this Article
CATEGORIES