Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Արժանթին – Չեխիա Եւ Սպանիա – Միացեալ Նահանգներ Կիսաւարտականի Ճակատումներ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ չորս խումբեր ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Արժանթին եւ Չեխիա, իսկ երկրորդին` տիտղոսակիր Սպանիա եւ Միացեալ Նահանգներ:
Պուենոս Այրեսի «Փարքուէ Ռոքա» դաշտին մէջ Արժանթին 4-1 արդիւնքով յաղթեց Խրուաթիոյ:
Առաջին մրցումին Դաւիթ Նալպանտեան 5-7, 6-4, 4-6, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մարին Սիլիչէն, սակայն զոյգի մրցումներուն ան Էտուարտօ Շուանքի հետ յաջողեցաւ յաղթանակ արձանագրել:
Պէտք է ըսել սակայն, որ Արժանթինի կազմէն տպաւորիչ մրցումներով ելոյթ ունեցաւ Խուան Մարթին Տել Փոթրօ, որ անհատական երկու մրցումի յաղթեց:
CATEGORIES Մարզական


