Արագ Եւ Կոյր Ճատրակի 2013-Ի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը` Խանթի Մանսիսքի Մէջ
PanARMENIAN.Net կը յայտնէ, որ ՖԻՏԷ-ն իր գումարած ժողովին որոշեց, որ արագ եւ կոյր ճատրակի 2013-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ խանթի Մանսիսքի մէջ (Ռուսիա):
Անիկա այս որոշումը տուաւ` նկատի ունենալով, որ Խանթի Մանսիսք միջազգային անուանի մրցաշարքեր հիւրընկալելու մեծ փորձառութիւն ունի:
Վերջին քանի մը տարիներուն այդտեղ տեղի ունեցած են ճատրակի աշխարհի բաժակի չորս մրցաշարքեր, իսկ 2010-ին անիկա հիւրընկալած է միջազգային ճատրակի 39-րդ Ողիմպիականը:
Նշենք, որ այս տարուան նոյեմբերին հոն տեղի պիտի ունենայ նաեւ աղջկանց ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի չորս ցամաքամասերէն ժամանող 60 փորձառու վարպետներ:
CATEGORIES Մարզական

