Գաղութէ – Գաղութ

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարին
Այցելութիւնները

– Վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Գերմանիա, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ նկարիչ Արչի Կալենցի ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան: Նախարարը խօսք առնելով` անդրադարձաւ հայ-գերմանական յարաբերութիւններուն, յատկապէս` մշակութային ծրագիրներու շուրջ համագործակցութեան:

Հալլէ քաղաքին մէջ ան հանդիպում ունեցաւ Մարթին Լուտէրի անուան համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի փրոֆ., «Մեսրոպ» հայագիտական կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Արմենուհի Աբգարեանին հետ, որուն հետ քննարկեց համալսարանի հայագիտական դասընթացքի ծրագիրները:

Նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Պերլինի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Նշենք, որ Հրանուշ Յակոբեան այս այցելութեան ընթացքին պարգեւատրեց Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրում ունեցող Գերմանիոյ հայ համայնքին ներկայացուցիչները:

– Մեծն Բրիտանիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա կատարած այցելութեան ընթացքին սփիւռքի նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան համայնքին եւ հարցերը, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Այս այցելութեան ընթացքին եւս Հրանուշ Յակոբեան պարգեւատրեց խումբ մը անուանի բրիտանահայեր:

 

Պոլիս

«Նռան Հատիկներ» Բեմադրութիւնը

Նախաձեռնութեամբ Պաքըրգիւղի «Տատեան» վարժարանին, գործակցութեամբ Եշիլգիւղի Սանուց միութեան, վերջերս տեղի ունեցաւ «Նռան հատիկներ» կոչուած գեղարուեստական յայտագիրը, որ կազմուած էր բեմադրիչ Արամ Կոստանեանի կողմէ գրուած բեմագրութենէ մը,  նաեւ` պարուսոյց Յակոբ Կիւլեչի կողմէ պատրաստուած այլ բեմագրութենէ մը:

 

Թեհրան

Այնճարի Մասին Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Իրանահայ գրողներու միութեան, 4 մարտին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` Այնճարի մասին: Բանախօսն էր արձակագիր Մարտօ Մուսալեռցին (Սնապեան), որ եղած է Այնճարի առաջին բնակիչներէն մին:

Ան բացատրեց Այնճար բառին իմաստը, որ արաբերէնով կը նշանակէ կուժի աղբիւր,   աւելցնելով, որ անունը ստացած է այնտեղ հոսող նոյնանուն` Այնճար գետի անունէն: Այնճարը հիմնուած է 1939 թուականին,  Ֆրանսայի կառավարութեան միջոցով, Արեւմտահայաստանի Մուսա Լերան շրջանի 7 գիւղերէն տարագրուած բնակչութեամբ: Զուտ հայաբնակ է, սակայն կան որոշ թիւով արաբ բնակիչներ, որոնք կ՛ապրին վարձու բնակարաններու մէջ: Բնակչութիւնը կը զբաղի երկրագործութեամբ,  այգեգործութեամբ, ոսկերչութեամբ եւ մեքենաներու նորոգութեամբ: Քաղաքապետարանը եւ ոստիկանութիւնը ամբողջապէս կը գտնուին հայերու ձեռքը: Հայկական երեք յարանուանութիւնները ունին իրենց եկեղեցիներն ու դպրոցները: Համազգայինը եւ ՀՄԸՄ-ը ունին իրենց կեդրոնները:

Դասախօսը նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Այնճարի աւանդական ու ազգագրական սովորութիւններուն, ինչպէս օրինակ` հարսանեկան հանդիսութիւններուն մասին եւ զուգահեռներ գծեց անցեալի ու ներկայ իրավիճակներուն միջեւ` շեշտելով կրած ակնառու փոփոխութիւնները` աւանի արտաքին տեսքի եւ բնակչութեան կենցաղային պայմաններու տեսանկիւնէն:

 

Նոր Ջուղա

Սողոմոն Թեհլիրեանի Միջոցով
Իրագործուած
«Նեմեսիս»
Գործողութեան
Նուիրուած Ձեռնարկ

Նախաձեռնութեամբ «Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութեան, 16 մարտին Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Սողոմոն Թեհլիրեանի կատարած «Նեմեսիս» գործողութեան, ոճրագործ եւ ցեղասպան Թալէաթ փաշային մահապատժի ենթարկելու կապակցութեամբ:

Պատանեկան միութեան անունով Վեհանուշ Խուդաբախշեան ներկայացուց Սողոմոն Թեհլիրեանին կենսագրականը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Թեհլիրեանին կատարած գործողութեան եւ դատավարութեան անդրադարձող վաւերագրական տեսերիզ:

Օրուան բանախօս, միութեան անդամուհի Մեղրի Ղուկասեան նախ կարեւորութեամբ ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան փաստերը` նշելով, որ իրաւունքները չեն տրուիր ժողովուրդին, այլ ձեռք կը բերուին պայքարելով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի միջոցով իրականացուած գործողութեան` մատնանշելով 1920-1922 թուականներու ժամանակահատուածին հայ վրիժառու երիտասարդներու միջոցով իրագործուած «Նեմեսիս» գործողութիւնները:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Յունաստան

Յունաստանի Կրթութեան Նախարարի
Տեղակալ
Քոսթաս Արվանիթոփուլոս Այցելեց
Քոքինիոյ
«Զաւարեան» Վարժարանը

28 մարտին, ՀԿ խաչի Քոքինիոյ ազգային «Զաւարեան» վարժարան այցելեց Յունաստանի կրթութեան նախարարի տեղակալ Քոսթաս Արվանիթոփուլոս: Ան այցելեց դասարանները, զրուցեց աշակերտներուն հետ եւ քննարկեց կրթական հարցեր: Նախարարին տեղակալը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` յորդորեց կարեւորութեամբ տեսնել ուսման իրենց հնարաւորութիւնները, միշտ սերտել եւ անդրադառնալ գիտութեան արժէքին: Ան բարձր գնահատեց հայկական գաղութին դերակատարութիւնը եւ ներդրումը երկրի կեանքին մէջ, շեշտելով կարեւորութիւնը դպրոցական համակարգի գոյութեան անհրաժեշտութեան:

Լոյս Տեսաւ «Մեծ Եղեռն»-Ի
Յունարէն
Թարգմանութիւնը

Վերջերս «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Ցուքաթու» հրատարակչատան համագործակցութեամբ լոյս տեսաւ Փաուլօ Քոսիի հեղինակած «Մեծ եղեռն»-ը, որ իրարու հակադրուող զգացումներու` յուսահատութեան եւ սիրոյ, բարոյալքումի եւ յոյսի ողբերգական պատմութիւն մըն է: Գիրքին ներածականը կատարած է հանրածանօթ գրագիտուհի Անտոնիա Արսլան:

Արդիական ոճով պատրաստուած այս գիրքին էջերէն կը ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան վայրագ պատմութիւնը` ընթերցողին ծանօթացնելով տարբեր հանգրուաններ: Գիրքը հրատարակուած է իտալերէնով, ապա յաջորդաբար թարգմանուած է անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ քորէական լեզուներով: Հինգ լեզուներով լոյս տեսած գիրքը այժմ կը հրատարակուի նաեւ յունարէնով, իսկ հեղինակին փափաքն է զայն տեսնել նաեւ հայերէն տարբերակով` հայկական տպագրութեան նուիրուած 500-ամեակի աշխատանքներու ծիրին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերու նկարագրումը առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուի պատկերազարդուած եւ կատակերգութեան ձեւով:

 

Ֆրանսա

Ֆրանսայի Հայ Գեղարուեստագէտներու
Միութեան
Ցուցահանդէսը Փարիզի
8-
րդ Թաղամասին Մէջ

Կազմակերպութեամբ  Ֆրանսայի Հայ գեղարուեստագէտներու միութեան, 26 մարտին, Փարիզի 8-րդ շրջանի թաղապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արթմէնի» խորագրով հայ արուեստագէտներու ցուցահանդէսին  բացումը: Ներկայացուած էին Քրիսթիան Յակոբեանի,  Վաչէ Տեմիրճեանի, Շարիս Կարապետեանի,  Հանրի Ղազերեանի, Ֆլորան Քոլանճեանի,  Մարգրիտ Մաթէոսեանի, Կարպիս Ներսէսեանի,  Փաթրիք Սամուէլեանի, Ժան-Փիեռ Սեֆերեանի եւ այլոց գործերը:

Բացման հանդիսութեան խօսք առին 8-րդի թաղապետ Ֆրանսուա Լըպել եւ Փարիզի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, որոնք իրենց շնորհաւորութեան եւ շնորհակալութեան զգացումները արտայայտեցին կազմակերպիչներուն եւ ի մասնաւորի` Ֆրանսայի Հայ գեղարուեստագէտներու միութեան: Միութեան նախագահ Փաթրիք Սամուէլեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` ներկայութեան եւ աջակցութեան համար:

 

Միացեալ Նահանգներ

Աւելի Քան 250 Հազար Տոլար Կը Հաւաքուի`
Ի
Նպաստ «Շամլեան»-ի Մարզասրահին

17 մարտին «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  «Շամլեան» ազգային վարժարանին ամէնամեայ ճաշկերոյթ-հաւաքը,  որ նուիրուած էր նոր կառուցուելիք մարզասրահի շինարարական աշխատանքներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Րաֆֆի Քենտերճեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցան ծնողական օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Նատիա Շամսին եւ ճաշկերոյթ-հաւաքի կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Էմի Պոյաճեան:

Այնուհետեւ մարզասրահի դրամահաւաքի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Հինտոյեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ վարժարանին մէջ մարզասրահ կառուցելու անհրաժեշտութեան, եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ աշակերտները ասկէ ետք հնարաւորութիւն կ՛ունենան մարմնամարզութեան դասապահերուն եւ մարզական արտադասարանային վարժութիւններու ժամանակ օգտագործել արդիական սարքաւորումներով ու յարմարանքներով օժտուած նոր մարզասրահը:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց,  որոնք սատարեցին ծրագրի յաջողութեան, նաեւ` անոնց ցուցաբերած անսակարկ նուիրումին եւ անվերապահ աջակցութեան: Այնուհետեւ յուշանուէրներ յանձնուեցան նուիրատուներուն:

Ճաշկերոյթին ընթացքին հանգանակուեցաւ  աւելի քան 250 հազար ամերիկեան տոլար:

 Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարին
Այցելութիւնը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 21 մարտին այցելեց Նիւ Եորքի թեմի հայկական եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանին կողմէ: Իր խօսքին մէջ սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ նախարարը վերադարձած է Նիւ Եորք, աւելցնելով, որ Սէյրան Օհանեանին նման անհատներուն ի պատիւ` հայ ժողովուրդը ինքնավստահ կ՛ըլլայ, որ շիտակ ճամբուն մէջ կը գտնուի եւ գոյատեւելով` նորանոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ: Ապա սրբազանը յուշանուէր յանձնեց նախարարին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Մեսրոպ Նազարեան ընդգծեց Սէյրան Օհանեանին այցելութեան կարեւորութիւնը: Իր կարգին պաշտպանութեան նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան եւ հայկական բանակի 20-ամեակներուն` շեշտելով հայկական եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ անկախութենէն ի վեր:

Աւարտին ան շքանշան մը յանձնեց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանին:

 

Քանատա

Կառուցենք Նոր Կիլիկիա Գիւղը`
Հզօրացնելու
Համար Արցախը

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի, 24 մարտին Մոնրէալի «Սոֆիթել» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Կիլիկիա գիւղի վերաշինութեան նուիրուած ճաշկերոյթը:

Օրուան հանդիսավարներ` Թալին Ապրաքեան եւ Վարանդ Եսայեան, իրենց բացման խօսքին մէջ բացատրեցին, թէ անցեալին Նոր Ղազանջի անունը կրող գիւղը այժմ վերանորոգուած է եւ մկրտուած է որպէս Նոր Կիլիկիա: Գիւղը կը գտնուի Մարտակերտի շրջանին մէջ, Արցախի հիւսիսային սահմանին մօտ եւ Արցախի ապահովութեան համար ռազմավարական խիստ կարեւորութիւն ներկայացնող շրջան մըն է:

Առաջնորդարանի Նոր Կիլիկիա յանձնախումբի ատենապետուհի եւ գաղութի ու հայրենիքի բարերար Տիանա Հաճեթեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին 20-ամեակին եւ շեշտեց, թէ սահմանամերձ գիւղերու իւրաքանչիւր գիւղացի սահմանապահ զինուոր է հայրենիքի եւ Արցախի հողերուն վրայ:

Նոր Կիլիկիա գիւղի վերաշինութեան ծրագրին հովանաւորն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերը: Յատկապէս այս ճաշկերոյթին համար վեհափառ հայրապետը յատուկ տեսերիզով մը ուղարկած էր իր հայրապետական պատգամը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան հանդիսութեան ներկայ չգտնուելուն պատճառով յատուկ նամակով ուղարկած էր իր սրտի խօսքը, որ կարդաց առաջնորդարանի դիւանապետուհի Տանիա Օհանեան:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Արմէն Եգանեան փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան խօսքը:

Յայտնենք, որ Նոր Կիլիկիա գիւղին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի մայիս 2012-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Քանատահայ Դերասանուհի Արսինէ Խանճեան
Քաննի
Ժապաւէններու
Փառատօնի
Դատակազմի Անդամ

Այս տարի քանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, իբրեւ դատակազմի անդամ, պիտի մասնակցի Քաննի միջազգային ժապաւէններու փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ 17-27 մայիսին, «Սինէֆոնտասիոն» (ուսանողական կարճ ժապաւէններ) ծրագիրի շրջագիծին մէջ: Ծրագիրը կոչուած է սատարելու նոր սերունդի շարժապատկերի գործիչները:

Դատակազմին նախագահն է պելճիքացի բեմադրիչ Ժան Փիեռ Տարտեն, որ շարք մը մրցանակներու արժանացած է նոյն` Քաննի փառատօնին:

Դատական այլ անդամներու կարգին են պրազիլցի գրող-բեմադրիչ Քերիմ Այնիւզ,  ֆրանսացի գրող-բեմադրիչ Էմանուէլ Քարիեռ եւ չինացի բեմադրիչ Եու Լլիկ Ուայ:

«Սինէֆոնտասիոն»-ը իր մրցանակները պիտի յանձնէ 25 մայիսին:

 Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES