Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Հաղորդագրութիւն
Շաբաթ, 31 մարտ 2012-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ի նպաստ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին հանգանակուեցաւ 110,000 ամ. տոլար, որուն 50,000 տոլարը նուիրեցին ճաշկերոյթին նախագահող տէր եւ տիկին Վահէ եւ Նորա Եագուպեանները:
Ճաշկերոյթին ընթացքին, գեղարուեստական բաժինով ճեմարանական Իվոն Այվազեանի երգերն ու ճեմարանի շրջանաւարտներէ բաղկացած «Կարապալա» նուագախումբի կատարումները ոգեւորեցին ներկաները` ստեղծելով ճեմարանի յատուկ հայաշունչ մթնոլորտ մը, որմէ խորապէս ներշնչուած ամերիկահայ հիւրեր տէր եւ տիկին Հերի եւ Շըրլի Նաճարեաններ նուիրեցին 10.000 ամ. տոլար:
Ճեմարանի հայակերտման առաքելութեան ուղին հարթելու եւ դպրոցին յարատեւ վերելքին սատար կանգնելու նպատակով կազմակերպուած ճաշկերոյթը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Վարձքը կատար նախաձեռնողներուն, կազմակերպողներուն ու գործնականացնողներուն եւ շնորհակալութիւն նիւթական թէ բարոյական գետնի վրայ կրթական այս հաստատութեան նեցուկ կանգնող` ճաշկերոյթին ներկայ եւ բացակայ ճեմարանի մեծ ընտանիքին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

