ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ, երէկ Պաապտայի մէջ գումարուեցաւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ ապրող լիբանանցիները պաշտպանելու միջոցները:
Նիստին ներկայ գտնուեցան ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամի, ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ, ելեւմուտքի նախարար Ռայա Հասան, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն, դեսպան Նաժի Ապի Ասի եւ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Ատնան Մերհեպ:
Երկրէն դուրս գտնուելու պատճառով նիստէն բացակայեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Մըր եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Սաֆատի:
Նիստէն ետք զօր. Մերհեպ յայտնեց, որ խորհուրդը քննարկած է Փղոսկրեայ Ափունքի իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան պետութեան կողմէ ցարդ որդեգրուած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ մշակած է յատուկ ծրագիր մը, որ կը միտի օժանդակել Ապիճանի մէջ գտնուող լիբանանցիներուն` ապահովելով անոնց անվտանգութիւնը, հոգալով անոնց տարրական կարիքները, ինչպէս նաեւ փորձելով տուն վերադարձնել անոնք, որոնք կը փափաքին հեռանալ Փղոսկրեայ Ափունքէն, պայմանաւ որ անոնց տեղափոխումը կատարուի Փղոսկրեայ Ափունքի եւ Լիբանանի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին միջեւ աշխատանքներու համակարգումով:
Խորհուրդը իւրաքանչիւր նախարարութեան ցուցմունքներ տուաւ` ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման խորհուրդի նիստէն ետք ընդունեց ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամի յետմիջօրէին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին որդեգրած ծրագիրին համաձայն, 3 դեսպաններ եւ խորհրդականներ, այլ խօսքով` դիւանագիտական պատուիրակութիւն մը պիտի գործուղուի Ապիճան` Աքրայի ճամբով, որպէսզի անոնք օժանդակեն լիբանանցիներուն:
Շամի շեշտեց, որ մինչեւ օրս ոչ մէկ լիբանանցի սպաննուած է, այլ` թեթեւօրէն վնասուած են 5 լիբանանցիներ, որոնց առողջական վիճակը բաւական կայուն է: