ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԻՐ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ, ՍԱԿԱՅՆ ՀԱԿԱԿՇԻՌԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆՈՒԻ ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԵՒ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ
Անցեալ շաբաթ օրուընէ ի վեր Ռումիէի բանտին մէջ բանտարկեալներուն կողմէ ծայր առած ըմբոստութիւնը երէկ հասաւ իր գագաթնակէտին:
Բանտարկեալները, որոնք նախանցեալ ամբողջ գիշերուան ընթացքին քաոսային վիճակ ստեղծած էին եւ հրդեհներ բռնկեցուցած, Ռումիէն բաղկացնող չորս մասնաշէնքերուն միայն երկուքին մէջ, սակայն երէկ կէսօրին ըմբոստութիւնը տարածուեցաւ նաեւ մնացեալ երկու մասնաշէնքերը եւ ամբողջ բանտը վերածուեցաւ ըմբոստացման կեդրոնի մը, որուն բոլոր անցքերը իրարու միջեւ բացուեցան:
Բանտարկեալներէն ոմանք կրցան հասնիլ բանտին նորոգութեան բաժանմունքին, ուր անոնք գտան մազութ եւ այլ վառելանիւթեր ու հրկիզեցին զանոնք` ամբողջ շրջանը ծածկելով վառելանիւթի հրկիզումին պատճառով արձակուած սեւ ծուխով:
Հրդեհը հակակշիռի տակ առնուեցաւ բանակին հրշէջ ուղղաթիռներուն եւ տեղատարափ անձրեւներուն շնորհիւ:
Իսկ նկատի ունենալով, որ երէկ բանտարկեալներուն հարազատներուն այցելութեան օրերէն մէկն էր եւ ըմբոստութեան պատճառով այդ այցելութիւնը արգիլուած էր, արգելափակեալներուն հարազատները նստացոյցեր կատարեցին բանտին մուտքին. անոնք անիւներ հրկիզեցին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու բռնարարքները զսպելու յատուկ ջոկատը քարկոծեցին ու անոր հետ բախումներ ունեցան:
Մինչ բանտէն հասած տեղեկութիւններ հաղորդեցին, թէ բանտին մէջ արձանագրուած են զոհեր եւ խեղդուելու պարագաներ, այլ տեղեկութիւններ շեշտեցին, որ բանտարկեալները պատանդ առած են ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներ, սակայն այդ տեղեկութիւնները մնայուն կերպով հերքուեցան ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Երեկոյեան բանակցութիւններ ընթացան 8 բանտարկեալներէ (իւրաքանչիւր մասնաշէնքէ երկու արգելափակեալ) բաղկացած պատուիրակութիւն մը կազմելու եւ ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտի հետ հանդիպումի մը ընթացքին իրենց պահանջները ներկայացնելու իմաստով, սակայն այդ բանակցութիւնները եւս ձախողեցան, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ բանակի յատուկ ջոկատներն ու ներքին ապահովութեան ուժերը ներկայացնող մեծաթիւ ջոկատներ, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչին պատկանող շուրջ 30 հիւանդատար ինքնաշարժներ մուտք գործեն Ռումիէի բանտ:
Բանակի զինուորները եւ ներքին ապահովութեան ուժերը միջամտեցին` հակակշիռի տակ առնելու համար Ռումիէի մէջ բռնկած ըմբոստութիւնը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ բանակի յատուկ ջոկատներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ հակակշիռ բանեցուած է բանտին բոլոր մասնաշէնքերուն վրայ. ան աւելցուց նաեւ, որ Ռումիէի մէջ ըմբոստութիւնը վերջ պիտի գտնէ:
ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ
Ռումիէի բանտարկեալներուն հարազատները բողոքելով պետութեան դէմ եւ զօրակցելով իրենց հարազատներուն բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Պըտտաուիի ու Պաալպեքի մէջ եւ ընդհանուր ներում պահանջեցին:
Ցուցարարները հրկիզուած անիւներով փակեցին Պաալպեքի միջազգային ճամբան` Իյաթի եւ Շարաուինայի միջեւ:
Նստացոյցեր արձանագրուեցան նաեւ հիւսիսային Լիբանանի Պըտտաուի շրջանին մէջ, ուր ցուցարարները դարձեալ ընդհանուր ներում պահանջեցին իրենց հարազատներուն համար: