ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կու գայ անգամ մը եւս վերաշխուժացնելու ֆութպոլի մրցաշարքը` ԼԵՎԱՄ-ի այս տարուան տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն կողքին: Նշենք, որ տարիներէ ի վեր ֆութպոլի մրցումները դադրած էին տեղի ունենալէ:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հինգ վարժարաններ: Անոնք են` Շամլեան-Թաթիկեան, Հարպոյեան, Եղիշէ Մանուկեան, Մեսրոպեան եւ Ճեմարան:

Միօրեայ ֆութպոլի այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: Իւրաքանչիւր վարժարան դաշտ պիտի ներկայանայ 8 + 1 մարզիկով:

«Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ (Պուրճ Համուտ) տեղի ունենալիք ֆութպոլի այս մրցաշարքին, իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 50 վայրկեան (իւրաքանչիւր կիսախաղ` 25 վայրկեան):

Ինչ կը վերաբերի պասքեթպոլի մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

 

ՖՈՒԹՊՈԼ
ՇԱԲԱԹ, 14 ԱՊՐԻԼ 2012 ԺԱՄ
1.- Շամլեան Թաթիկեան – Հարպոյեան 10:00
2.- Եղիշէ Մանուկեան – Մեսրոպեան 11:00
3.- Ճեմարան – Շամլեան-Հարպոյեան մրցումին յաղթականը 12:00
2-րդ մրցումին պարտուողը – 3-րդ մրցումին պարտուողը 13:00
2-րդ մրցումին յաղթականը – 3-րդ մրցումին յաղթականը 14:00
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
Կիրակի, 15 ապրիլ 2012
Մեսրոպեան – Ս. Հռիփսիմեանց (տղաք, 98-99) 13:30
Ս. Հռիփսիմեանց – Մեսրոպեան (տղաք, 94-95) 14:40
Ճեմարան – Ս. Հռիփսիմեանց (աղջիկներ, 96-97) 16:10
Ճեմարան – Եղիշէ Մանուկեան (տղաք, 94-95) 17:40
Եղիշէ Մանուկեան – Հարպոյեան (աղջիկներ, 94-95) 19:00

 

 

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)

Share this Article
CATEGORIES