ԱՅԼԱԶԱՆ. ԾԱՌԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Գարունը ծառ տնկելու լաւագոյն ժամանակն է:

Կ՛ըսեն` ծառ տնկողին կեանքը երկար է: Իսկ գիտէ՞ք, որ ծառերը Հայաստանի մէջ հինէն ի վեր պաշտամունքային նշանակութիւն ունեցած են:

Այսպէս, մեր խաչքարերուն, գորգերուն մանրանկարներուն, տաճարներու պատերուն յաճախ կը հանդիպինք կենաց ծառի պատկերին, որ կը խորհրդանշէ յաւերժութիւնը:

Ծառերուն նուիրուած ծէսեր ալ ունեցած ենք, զորս պահպանուած են մինչեւ օրս` Ծառազարդարը: Գարնան հայկական շատ մը գիւղերու մէջ տարածուած էր եկեղեցին ուռենիի դալար ճիւղեր օրհնելու սովորութիւնը: Մարդիկ յետոյ այդ ճիւղերը տուն կը տանէին, կը հաստատէին բարձր տեղ մը, որ մնայ մինչեւ յաջորդ տարի:

Նախքան Զատիկը, չորեքշաբթի գիշերը` այգի ունեցողները կ՛առնէին կացինները եւ այգի մտնելով` 3 անգամ կը զարնէին պտղատու ծառերուն բուներուն` ըսելով. «Պտուղ պիտի տաս` տո՛ւր, թէ չէ կը կտրեմ քեզ»: Կը հաւատային, թէ այսպիսով ծառերն աւելի բերքառատ կը դառնան:

ՀԱՑԵՆԻ

Հայերը սիրած են հացենին, որմէ քաղցրահամ նիւթ մը կը ստանային: Առատ եւ քաղցրահամ հիւթ կու տային յատկապէս Տարօնի` Մշոյ դաշտին եւ Սասունի մէջ աճող հացենիները: Տարօնի մէջ Արածանի գետի ափին գոյութիւն ունեցած է հացենիի պուրակ, որ կոչուած է «հայոց դրախտ»…»

ՍՕՍԻ

Սօսեաց անտառի սօսիները համարուած էին ապագայի գուշակներ: Հայ մոգերը կը փսփսային այս ծառերուն հետ` կանխատեսելու համար գալիք իրադարձութիւնները: Այս ծառի անունէն յառաջացած են Սօսի, Սօսէ, Սօսեմ կանացի անունները:

Գողթնի սօսին 2200 տարեկան է: Անոր փչակին մէջ տեղացիները թէյ կը խմեն:

Ժամանակ մը Իջեւանի Այգեհովիտ գիւղին մօտ 750 տարեկան սօսի մը կար, բարձր, մեծ փչակով: Անոր տակէն աղբիւր կը բխէր, իսկ փչակին մէջ հաց կը դնէին, որմէ կ՛օգտուէին ճամբորդները, շինականները: Տօնական օրերուն ծառի ստուերին տակ կը հիւրասիրէին բոլոր անցորդները եւ ծառը կը կոչուէր «Հիւրասէր սօսի»: Դժբախտաբար ծառը կայծակահար եղած է:

***

Ծառ զարդարելու աւանդութիւնը հայերուն մօտ հազարամեակներու պատմութիւն ունի: Անիկա մեզի հասած է Թորգոմ Նահապետէն, որ Հայկ Նահապետին հայրն էր: Թորգոմազունները, իրենց պապին օրինակով, Նոր տարուան օրերուն, հող ու արմատով այգիէն տուն կը բերէին տարբեր ծառեր` խնձորենի, բալենի, դեղձենի… զանոնք կը զարդարէին եւ տօներէն ետք կրկին կը տանէին ու կը տնկէին այգիին մէջ:

ԸՆԿՈՒԶԵՆԻ

Հաղարծին վանքը կառուցելու ժամանակ ընկուզենին իր դերը ունեցած է: 11-րդ դարուն քանի մը վանականներ կ՛որոշեն Աղստեւի հովիտին մէջ վանք մը կառուցել: Անոնք կը շրջին ձորահովիտին գիւղերը կը գտնեն ամէնէն աշխատասէր հողագործը եւ անկէ կը խնդրեն, որ ինք որոշէ վանքին տեղը: Հողագործը վանականներուն հետ կը շրջի, տեղ մը կանգ կ՛առնէ, գրպանէն ընկոյզ մը կը հանէ եւ կը թաղէ հողին մէջ: Շատ չանցած` այդ տեղը ընկոյզը շիւ մը կու տայ, զոր վանականները աղարծի, այսինքն մատղաշ կ՛անուանեն: Հոն ալ կը կառուցուի վանքը, որ ընկուզենիին անունով կը կոչուի Աղարծին, ապա` Հաղարծին:

ԹԹԵՆԻ

Թթենիի հայրենիքը Չինաստանն է, սակայն ծառը շատ տարածուած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Շատ հին սովորութեան համաձայն, թութի ծառ ունեցողը իր բերքը մատաղի պէս կը բաժնէ դրացիներուն:

ԿԱՂՆԻ

Շատախի մէջ պաշտամունքային նշանակութիւն ունեցած են կաղնիները: Սուրբ համարուող այս ծառերուն տակ դրուած իրերը ուրիշը ձեռք տալու իրաւունք չունէր: Սովորաբար այս ծառերուն տակ կը զետեղէին ամանեղէն, զէնքեր, կահ-կարասի, զարդեր…

Ակնաղբիւր գիւղին մէջ Վարդան Մամիկոնեանի տնկած կաղնիի ծառը` «Վարդանի ծառը» 1500 տարեկան հսկան սրբատեղի դարձած էր, բայց դժբախտաբար ուխտաւորներու վառած մոմերու հրդեհէն ծառը կ՛այրի…

ԲԱՐՏԻ

Հայերուն համար պաշտելի ծառ է նաեւ բարտին: Այս ծառը պատկերուած է արքայական սաղաւարտներուն, գօտիներուն վրայ եւ կը խորհրդանշէ ժողովուրդի անկոտրում կամքը:

Ծանօ՞թ էք Համօ Սահեանի «Նայիրեան դալար բարտի» բանաստեղծութեան… Արարատ լեռը կամ Հայաստանը պատկերող նկարներուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք բարտիներու, որոնց սլացիկ ու խրոխտ կեցուածքը շատ կը նմանի մեր ժողովուրդին բնաւորութեան:

ԾԻՐԱՆԵՆԻ

Բնիկ հայկական ծառ է ծիրանենին:

Հայաստանն է ծիրանենիի հայրենիքը:»

Աւանդութեան համաձայն, երբ Նոյ Նահապետը իր տապանով կեցաւ Արարատի գագաթին- տապանի ճեղքէն ծիրանի կորիզ մը ինկեր է լերան վրայ եւ այդ տեղը ծառ բուսեր է:

Գառնիի պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուեր են 6 հազար տարուան հնութիւն ունեցող ծիրանի կորիզներ: Ծիրանը «Արմանու» անունով ծանօթ եղած է: Հռոմէացի զօրավար Լուկուլլոս Ն. Ք. 1-ին դարուն ծիրանենին Հայաստանէն Յունաստան եւ Հռոմ տարած է, ուր անիկա կոչուեր է «պրունուս արմենիկա», այսինքն` հայկական սալոր:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԱՐԶԱՆՔԸ

ԿՈՆՔԻ ԵՒ ՅԵՏՈՅՔԻ
ՄԱՐԶԱՆՔՆԵՐ

Ստորեւ տրուած մարզանքը, որ բաղկացած է 3 շարժումներէ, կը պրկէ կոնքի եւ յետոյքի մկանները եւ բնականաբար կ՛օգնէ, որ ձեր լողազգեստներուն մէջ երեւիք աւելի բարեձեւ եւ սլացիք:

Ա.- ՇԱՐԺՈՒՄ

Գետին պառկեցէք կռնակին վրայ, ապա, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, թեւերուն եւ ոտքերուն վրայ յենելով, մարմինը քիչ-քիչ գետնէն բարձրացուցէք` կամուրջի ձեւ տալով անոր: Յետոյ 10 անգամ յետոյքը գետին դպցուցէք ու դարձեալ բարձրացուցէք:

30 անգամ կատարեցէք այս շարժումը` իւրաքանչիւր 10-ին միջեւ 1 վայրկեան դադար առնելով:

Բ.- ՇԱՐԺՈՒՄ

Գետին պառկեցէք փորին վրայ, ապա, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, թեւերուն եւ մէկ ոտքին ծալուած ծունկին վրայ յենելով, միւս ոտքը հորիզոնական երկարեցէք: Յետոյ` 10 անգամ երկարած ոտքին ծունկը ծալելով մինչեւ կուրծք հասցնել ու դարձեալ երկարել:

Շարժումը կատարել 10-ական անգամ ձախ, ապա աջ ոտքով: Ոտք փոխելու ժամանակ մէկ վայրկեան դադար առնել:

Գ.- ՇԱՐԺՈՒՄ

Գետին նստէք` կռնակը ուղղահայեաց դիրքով: Ոտքերը` կէս ծալուած, ձախ ձեռքով աջ ոտքը բարձրացուցէք եւ տեղաւորեցէք ձախ ոտքին վրայ, իսկ աջ ձեռքը` աջ ծունկին վրայ: Այս դիրքով մնացէք 20 երկվայրկեան, ապա ոտքերուն եւ ձեռքերուն դիրքերը փոխելով` նոյն շարժումը կրկնեցէք:

Ընդամէնը 3-ական անգամ կատարեցէք իւրաքանչիւր կողմի հետ:

 

ՏԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ

ԱՆԳՈՐԾԱԾԵԼԻՆ`
ԳՈՐԾԱԾԵԼԻ

Շատեր, շնորհիւ իրենց երեւակայութեան, ձիրքը ունին անգործածելին գործածելիի վերածելու եւ իրերուն երկրորդ կեանք մը տալու:

Այսօրուան սիւնակով պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս խոհանոցի հին աթոռ մը կարելի է վերածել բոլորովին նոր, գունաւոր եւ զուարթ աթոռի մը, իսկ պահածոյի թափուելիք տուփեր` լուսամփոփներու:

– Առաջին նկարին վրայ մեր տեսած աթոռը նախապէս փայտեայ սովորական աթոռ մըն էր, որ երկար տարիներ որպէս խոհանոցի աթոռ ծառայած է: Այս վիճակին բերելու համար անոր զանազան մասերը ծածկուեցան շուկան ծախուող փափիէ փենով (գունաւոր, կէտաւոր, վիշի եւ այլն…):

Իր այս նոր վիճակին մէջ երեխայի սենեակի յարմար աթոռի մը վերածուած է:

– Երկրորդ նկարին վրայ կը տեսնենք պահածոյի տուփեր, որոնք լուացուած, չորցուած եւ ապա որպէս լուսամփոփ զարդարած են խոհանոցին մէկ անկիւնը:

 

 

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԹԱՀԻՆՈՎ ՊԱՀՔԻ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ

ԽՄՈՐԻ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

– 3 գաւաթ ալիւր
– 2 1/2 պզտիկ դգալ Պէյքինկ Փաուտըր
– 1 գաւաթ Սեւըն ափ
– 1/2 գաւաթ ձէթ

ՄԻՋՈՒԿԻ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

– 1 գաւաթ ընկոյզ մանրուած
– 1/2 գաւաթ շուշմայ
– 1 գաւաթ թահին
– 1 գաւաթ շաքար
– 2 մեծ դգալ ձէթ
– Փոշի շաքար` վրան ցանելու համար

1.- Խմորին բաղադրութիւնը իրարու խառնել եւ ուղղանկիւնաձեւ բանալ:

2.- Միջուկին բաղադրութիւնը իրարու խառնել:

3.- Միջուկը տարածել խմորին վրայ: Խմորը բաւական հաստ փաթթել եւ օղակի ձեւ տալով` երկու ծայրերը միացնել:

4.- Հաւասար հեռաւորութեան վրայ դանակով խմորը ճեղքել, ապա վրան ձէթ քսել:

5.- Ձէթով ծեփել յարմար ափսէ մը, վրան զետեղել կարկանդակը եւ միջակ տաքութեամբ փուռի մը մէջ եփել:

6.- Պաղելէն ետք զարդարել փոշի շաքարով:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐՏՍ ՆՄԱՆ Է

Ա՜խ, սիրտս նաեւ նման է կարծես…

Նման է կարծես նա մի թութակի,
Որ ո՜ղջ ժամանակ նոյն բանն է ասում.
– Ես քեզ եմ ուզում…

Նման է կարծես նա մի ջութակի,
Որ միա՜կ լարով եօթ լարից շատ է
Ազդում ու յուզում…

Նման է կարծես մի ջինջ վտակի,
Որ տարբե՜ր հունով, բայց դէպի քեզ է
Շարունակ վազում…

Նման է կարծես մի պատուտակի,
Որ գօտու նման փաթաթւում է քեզ
Եւ շատ է սազում…

Նման է կարծես մի խոր յատակի,
Որ ուրիշներին փետուրի նման պահում է վերեւ
Եւ միայն քե՜զ է իր խորքը սուզում…

Պ. ՍԵՒԱԿ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES