Մարգարեան. «Իշխանութիւնը Կը Խոչընդոտէ Ազատ Ընտրութիւններու Կայացումը»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ իշխող ուժը կը խոչընդոտէ ազատ, արդար ընտրութիւններու կայացումը:

Ըստ անոր, այդ երեւոյթը արդիւնք է խորհրդային կարգերուն: «Այնպէս չէ, որ մենք նախքան այս քաղաքական ուժին` իշխանութեան վրայ ըլլալը ունէինք արդար ընտրութիւններ: Մենք անկախութեան առաջին օրէն ի վեր մինչեւ այսօր միշտ ընտրութիւններու հարց ունեցած ենք: Մենք ունեցած ենք խախտումներ բոլոր ընտրութիւններու պարագային: Ատիկա կը նշանակէ, որ այն ուժը, որ իշխանութիւն ունի, այդ իշխանութիւնը պահելու համար կը դիմէ ամէն միջոցի: Այդ իշխանութիւնները չունին նաեւ  համապատասխան անհրաժեշտ ժողովրդականութիւն եւ իշխանութիւնը պահելու համար կը ստիպուին յենիլ սակաւապետերու վրայ` իբրեւ ազդեցիկ մարդոց, որոնք ունին շրջանակ եւ կը տիրապետեն որոշ քուէներու, յանցագործ աշխարհին վրայ նոյնպէս, որ նոյնպէս ունի որոշ ազդեցութիւն: Եւ ինքնին իշխանութիւնը կը դառնայ անոնց ձեռքին խաղը, կը դառնայ անոնց հետեւորդը: Կը տեսնես վիճակ մը, որ եթէ իշխանութիւնը ուզէ ձերբազատիլ այս վիճակէն, չի կրնար: Բնականաբար, գործող ուժը, որ այսօր իշխանութեան վրայ կը գտնուի, չի փորձեր, որ իսկապէս արդար ընտրութիւններ տեղի ունենան մեր երկրին մէջ, ուժային նախարարութիւնները չեն փորձեր կաշառողին ձեռքը բռնել, ատիկա կը նշանակէ, որ իրենք ալ կ՛ոխակալին այս ընթացքին», ըսաւ Մարգարեան` աւելցնելով, որ իր ըսածը հաւասարապէս կը վերաբերի Հայաստանի մէջ իշխանութեան ղեկին եղած բոլոր ուժերուն:

Ան նշեց 1995, 1996 թուականի ընտրութիւնները, որոնք իրենց տեսակով շատ աւելի մեծ խայտառակութիւն էին ընտրակեղծիքներու առումով:

Անդրադառնալով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն  դիտարկման, որ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան ժամանակ Դաշնակցութիւնը իշխանութեան մաս կը կազմէր, Մարգարեան արձագանգեց, որ նոյն Ռոպերթ Քոչարեանի ժամանակ Դաշնակցութիւնը ամէն ընտրութենէն ետք իր գնահատականը տուած էր ընտրութիւններուն մասին: Ըստ դաշնակցական գործիչին, Դաշնակցութիւնը եղած է այնքան անկեղծ եւ այնքան լուրջ գնահատական տուած է, որ նոյնիսկ այդ ժամանակուան ընդդիմութիւնը չէ տուած:

Լրագրողը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին յիշեցուց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան  առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի ստորագրութիւնը տակաւին կայ նախորդ տարի ընդունուած իշխող քաղաքական համաձայնական կառավարութեան յայտարարութեան ներքեւ, ուր մասնաւորաբար գրուած է, որ համաձայնական կառավարութեան անդամները յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի պաշտպանեն գործող նախագահին թեկնածութիւնը:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք  այստեղ հակասութիւն չկա՞յ, որ ՀՅԴ-ն միջկուսակցական միասնական կեդրոնի ծիրին մէջ` ազատ, արդար ընտրութիւններու կայացման համար կը համագործակցի Բարգաւաճ Հայաստանի հետ եւ կ՛ըսէ, որ իշխող ուժը կը խոչընդոտէ այսպիսի ընտրութիւններու կայացման, սակայն նոյն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը այսօր համաձայնական կառավարութեան մէջ է Հանրապետական կուսակցութեան հետ, Մարգարեան ընդգծեց, որ միւս ուժն ալ անկէ աւելի լաւը չէ, միւս ուժն ալ կ՛ըսէ` ասոնք մոնկոլ-թաթարներ են: «Կը համագործակցինք արդար ընտրութիւններու համար: Ես իրականութեան մէջ, բացի Դաշնակցութենէն ուրիշ ոչ ոքի չեմ հաւատար, բայց ես կը յարգեմ միւսները եւ իրաւունք չունիմ  բացարձակապաշտութեան երթալով մերժել համագործակցութեան մթնոլորտը եւ ներազգային մթնոլորտը այդպէս փճացնեմ: Ես պարտաւոր եմ յարգել քաղաքական ուժերը` անկախ անկէ, որ անոնք ինչքանո՛վ  ըստ էութեան ինծի համահունչ են կամ ոչ: Անոնք կը ներկայացնեն ժողովուրդէս որոշ մաս մը, եւ ես պէտք է յարգեմ ժողովուրդի այդ որոշ մասին: Յարգանքը տարբեր բան է, ընդունիլը` տարբեր բան: Ես որեւէ կուսակցութեան չեմ ընտրեր, թէ չէ դաշնակցական չէի ըլլար: Ես կ՛ընտրեմ Դաշնակցութիւնը», շեշտեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Մարգարեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան գոյութեան իմաստը Հայաստանն է ու հայ ժողովուրդը, եւ կուսակցութիւնն ալ ստեղծուած է այն ժամանակ, երբ վտանգուած էր Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գոյութիւնը:

Մարգարեան նաեւ յայտնեց, որ այսօր ալ, եթէ Դաշնակցութիւնը ընտրութեան մասնակցելով  իշխանութեան հասնի, ապա նպատակ ունի կարելի դարձնել հայ ժողովուրդին ապահով գոյութիւնը եւ ապահովել անոր համար լիակատար զարգացման կարելիութիւնը: «Մենք կը տարբերինք շատ շատերէն, որովհետեւ մենք որոշ անձի կամ խմբակցութեան գործ ապահովելու համար չէ, որ ընտրապայքարի մէջ մտած ենք: Մենք կը հաւատանք, որ մենք մէկ ընդհանուր հաւաքական գործ կ՛ընենք, եւ ոչ թէ առանձին անհատներու համար իշխանութիւն կը փորձենք ապահովել»,  ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES