Կիրակի, 22 Ապրիլին Ճատրակի Մրցաշարք` Դարուհի – Յովակիմեան Վարժարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Անդրանիկ – Սեւան ակումբի ճատրակի վարչութեան, կիրակի, 22 ապրիլ 2012-ին տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` Դարուհի Յովակիմեան վարժարանին մէջ:

Տարեկան դրութեամբ տեղի ունեցող ճատրակի այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միայն հայկական վարժարաններու աշակերտները:

Մասնակցութեան սակ ճշդուած է տասը հազար լիբանանեան ոսկի` իւրաքանչիւր աշակերտի համար: Բնականաբար, մասնակցողները կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան կազմակերպիչ ակումբին:

Կազմակերպիչ ակումբը կը յայտնէ, որ դիւրացնելու համար աշխատանքը, բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, պէտք է Դարուհի – Յովակիմեան վարժարան ներկայ ըլլան առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

Արձանագրութիւններուն համար պէտք է կապ հաստատել Րաֆֆի Ճիկերեանի հետ` հեռաձայնելով 03-704925 թիւին:

Share this Article
CATEGORIES