ՔՈԼՈՄՊԱ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓԱՐՄԱՅԻ ՄԱՐԶԻՉ

Ֆրանքօ Քոլոմպա

Քալչիոյի կազմերէն Փարմա, որ Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ է, Ֆրանքօ Քոլոմպան նշանակեց ակումբի նոր մարզիչ: Պոլոնիացի նախկին մարզիչը այսպիսով փոխարինեց Փասքուալ Մարինոն, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով պաշտօնազրկուեցաւ:

Փարմայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ան ակումբի մարզիչ պիտի մնայ մինչեւ 2011-2012 տարեշրջանին աւարտը:

Նշենք, որ այս տարեշրջանին ազդանշանը տրուելէն մէկ օր առաջ, Քոլոմպա պաշտօնանկ եղաւ Պոլոնիայի կողմէ` կարգ մը կէտերու շուրջ համաձայնութիւն կնքել չկարենալէ ետք ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES