«Ազդակ»-Ի Արաբերէն Կայքէջը Լայնօրէն Կ՛Անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Ոգեկոչումներուն

«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը նոր ձեւաւորումով, թարմացուած եւ բազմազան լուրերով կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին վերաբերող տարբեր յօդուածներ, ինչպէս նաեւ կ՛անդրադառնայ ոգեկոչումներուն:

Կայքէջը լուսարձակի տակ առած է լիբանանահայութեան կողմէ քայլարշաւ-բողոքի ցոյցը` դէպի Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն, լիբանանահայերուն արտայայտած բողոքը եւ պահանջը` դադրելու ուրացման քաղաքականութենէն: Այս ծիրին մէջ լայն տեղ տրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ այս առիթով արտասանուած խօսքին:

Լայնօրէն անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած տարբեր ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, այս առիթով լիբանանեան եւ արաբական օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն, փաստագրական տուեալներու, Հայաստանի մէջ հոծ թիւով հայերու ու օտարներու Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան եւ այլն:

Կը կարդանք նաեւ սուրիական «Պաաս» թերթին հետ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը` Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցը: Զոյգ հարցազրոյցներուն կարեւորութիւնը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ Հայ դատին եւ պահանջատիրութեան մասին արտայայտուած կարծիքները արաբերէնով հասանելի կը դառնան արաբ ընթերցողին:

Կայքէջին վրայ կայ լրատուութեան բաւական հարուստ բաժին մը, որուն մէջ տեղ գտած է սփիւռքն ու Հայաստանը: Յատկանշական են այլ լրատուութիւնները, որոնք կը վերաբերին Երեւանի` գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակման եւ այդ ծիրին մէջ տեղի ունեցող նախաձեռնութիւններուն:

Յօդուածներու բաժինին մէջ կը կարդանք յատկանշական գրութիւններ, որոնք օտար հեղինակներու կը պատկանին եւ կը խօսին Հայոց ցեղասպանութեան մասին, նաեւ յատուկ ուշադրութեան առարկայ են այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ տագնապին: Այս ծիրին մէջ յատուկ նշանակութիւն ունի Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ, Հալէպի վաճառականական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ  Լեւոն Զաքի Ետալեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը:

Կայքէջը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ հայաստանեան քաղաքական կեանքին, միջազգային մակարդակներու վրայ հայութեան վերաբերող զարգացումներուն, Լիբանանի Հայ դատի մարմինի եւ Հայ դատի այլ կառոյցներու գործունէութեան եւ այլն:

«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջին վրայ յատուկ տեղ ունին նաեւ գրականութիւնն ու գրական թարգմանութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES