Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Դեսպանները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

– Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն, ի շարս Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած այլ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան ըսաւ. «Հայերուն համար այսօր շատ կարեւոր օր է, եւ մենք հոս ենք` ոգեկոչելու 1915 թուականի հայերու ջարդերուն յիշատակը»:

Արդարեւ, դեսպանը խուսափեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եզրը օգտագործելէ:

– Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վեաչեսլաւ Քովալենքոն եւս այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգեց մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Ապա ան յայտարարեց, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է խստօրէն դատապարտուի, մարդկութիւնը պէտք է ամէն ինչ ընէ, որպէսզի նման ոճիրներ չկրկնուին:

Share this Article
CATEGORIES