«ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԱՐԳՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ ՄԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ՄԸ ԱՆՈՒՆԻՆ ՇՈՒՐՋ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Վահան Յովհաննիսեան

Երէկ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին կազմակերպած «Հարիւր հարցում եւ պատասխան» հանդիպումին հիւրընկալուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձաւ Հայ ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչ Դաւիթ Շահնազարեանի կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ուղղուած կոչին` «չայրելու կամուրջները Հայ ազգային քոնկրեսին հետ»: Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ այդ գաղափարը քոնկրեսը պէտք է առաջադրէր այն ժամանակ, երբ անխնայ կը ծաղրէին Րաֆֆի Յովհաննէսեանը եւ անոր քաղաքական հացադուլը:

«Ինչ ցեխ ըսես` շպրտեցին, ինչ վարկաբեկիչ արտայայտութիւն ըսես` քոնկրեսը Րաֆֆիին նկատմամբ ըրաւ եւ հիմա կ՛ըսեն` մի՛ այրէք կամուրջները: Երբ Դաւիթ Շահնազարեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ էր, իսկ ես այդ շէնքին ներքեւի նկուղին, բանտին մէջ նստած էի, թող այդ ժամանակ մտածէր կամուրջներու մասին», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:

Ան նշեց, որ Հայ ազգային քոնկրեսը եւ իշխանութիւնը, հակառակ փոխադարձաբար հնչող հայհոյանքներուն եւ մեղադրանքներուն, աւելի շատ ընդհանրութիւններ ունին եւ աւելի ցայտուն կ՛երեւին թէ՛ ղարաբաղեան, թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ:

Վահան Յովհաննիսեան չբացառեց քոնկրեսին հետ համագործակցութիւնը` ըսելով, որ ինքզինք յարգող քաղաքական ուժ մը չի կրնար համագործակցիլ առաջնորդի մը շուրջ, առաջնորդի անուն մականունին շուրջ:  «Պէտք է համագործակցիլ ծրագիրի, որոշակի ընելիքի եւ արդար ընտրութեան շուրջ», ընդգծեց Վ. Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք համաձայնական կառավարութեան միանալու հաւանականութեան` Վ. Յովհաննիսեան ատիկա չբացառեց, սակայն նշեց, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ միայն այն պարագային, երբ Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ պատշաճ տեղ ունենայ եւ յաջողի բանալիի դեր կատարել:

Յայտնենք, որ Դաւիթ Շահնազարեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ներքաղաքական դաշտը արդէն յստակ է. կայ իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը` ի դէմս Հայ ազգային քոնկրեսի եւ քոնկրեսին ընդդիմացող քաղաքական եւ հասարակական այլ միաւորումներ:

Ան ընդգծեց, որ քոնկրեսին ընդդիմադիր ուժերը Դաշնակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնն են, որոնց այդ քայլը Շահնազարեան որակեց իբրեւ «կամուրջներ այրել քոնկրեսին հետ», ինչ որ քաղաքականապէս ճիշդ քայլ չէ:

«Որոշումը իրենց ձեռքն է, ուղղակի այդ գործելակերպը պիտի տանի լուսանցքայնացման, պիտի տանի անոր, որ այդ ուժերը ամբողջապէս պիտի յայտնուին քաղաքական արխիւին կամ իշխանութեան դաշտին մէջ», ըսաւ Շահնազարեան:

 

Share this Article
CATEGORIES