ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ազգային եւ կրօնական հարցերը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նիստէն ետք կոչ ուղղեց կազմելու պատասխանատու կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունենայ լուծելու երկրին դիմագրաւած ազգային հարցերը:
Խորհուրդը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումները, որոնց շարքին` եկեղեցիները թիրախ դարձնելու եւ հիմնականին մէջ կանխամտածուած աւազակութեան դէպքերը հետեւանք են երկրին մէջ անիշխանութեան մթնոլորտին:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւ յայտնեց Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ արձանագրուած աղէտին համար:
Խորհուրդին համաձայն, յառաջիկայ շաբաթասկիզբին Ռայի պատրիարքը` ընկերակցութեամբ այլ եպիսկոպոսներու եւ պետական անձնաւորութիւններու, պիտի այցելէ Վատիկան` շնորհակալութիւն յայտնելու Պենետիկտոս ԺԶ. պապին, որ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցած էր Ռայիի, անոր պատրիարք ընտրուելուն առիթով:

