ՔԱՐԱՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԱՀԱՊԸ

Քարամէ` Ուահապի հետ հանդիպման ընթացքին

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները, յատկապէս` կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք կատարած  իր յայտարարութիւններուն մէջ Քարամէ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը լիբանանցիներուն համար խիստ անհրաժեշտութիւն մը դարձած է` աւելցնելով, որ կը գտնուինք երկու վարչապետներու դիմաց, որոնցմէ մէկը իր ընթացիկ աշխատանքները կ՛ամբողջացնէ Լիբանանի սահմաններէն հեռու, իսկ երկրորդը նշանակուած է, սակայն անկարող է լուծել կառավարութեան կազմութեան սպառնացող հարցերը:

Ուահապ նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահը իր կարգին կ՛արգելակէ կառավարութեան կազմութիւնը` բարձրացնելով իր պահանջներուն մակարդակը, «եւ ըստ երեւոյթին ան ուրախ է այս ընթացքով», ըսաւ ան:

Ակնարկելով Ռումիէի բանտին եւ ըմբոստութեան պարագաներուն` Ուահապ ընդգծեց, որ պէտք է ճնշում բանեցնել դատական իշխանութիւններուն վրայ եւ արգելափակեալներու ընտանիքներուն հարազատները առաջնորդել դէպի Արդարութեան պալատ:

 

Share this Article
CATEGORIES