Հիւրընկալելով Աւստրիոյ Նախագահը` Նախագահ Սլէյման Կը Մերժէ Պաղեստինցիներու Բնակեցումը Լիբանանի Մէջ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ բուռն կերպով մերժեց պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցումը Լիբանանի մէջ: Հիւրընկալելով Աւստրիոյ նախագահը եւ Առաջին տիկինը, նախագահ Սլէյման իր աւստրիացի պաշտօնակիցին` նախագահ Հայնըզ Ֆիշըրի հետ տուաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն երկու նախագահները համակարծիք գտնուեցան հասարակաց հարցերու լուծման գծով:
Այս առիթով նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրիոյ` Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած իր զօրակցութեան համար, յատկապէս թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան գծով: Նախագահ Սլէյման շեշտեց քաղաքակրթութեանց երկխօսութեան կարեւորութիւնը` փափաք յայտնելով, որ Լիբանան կը դառնայ կեդրոն նման երկխօսութեան: Երկու նախագահները նաեւ մաղթեցին, որ կացութիւնը Սուրիոյ մէջ յանգի բարւոք լուծման` մաղթելով, որ արտաքին զինուորական միջամտութիւն չկատարուի Սուրիոյ մէջ, այլ` որեւէ քայլ առնուի համադրաբար Սուրիոյ իշխանութեանց հետ:
Աւստրիոյ նախագահը, պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, Լիբանան հասան երէկ յետմիջօրէին եւ Պէյրութի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի, Աւստրիոյ դեսպան Էվա Մարիա Ձիկլերի, օդակայանի ապահովութեան կառոյցի հրամանատարի փոխանորդ զօր. Ժան Թալուզեանի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ:
Երեկոյեան, Աւստրիոյ նախագահը տեսակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման մերժեց ստորագրել 8900 միլիառ լիբ. ոսկիի ծրագիրը, ինչ որ տեղի տուաւ կարգ մը քննադատութեանց: Այս իմաստով, աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժըրայսաթի ձայնասփռուած յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ նախագահին տուած սահմանադրական պատրուակները չեն արդարացներ ծրագիրը ստորագրելէ անոր խուսափումը:


