Ապրիլ 24-ը «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ
Յատկանշական ու խորհրդանշական էր Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի նշումը «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ: Արդարեւ, աշակերտները նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչեցին իրենց մասնակցութիւնը բերելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող թանգարանի կառուցման: «Թռչնոց բոյն»-ի աշակերտները անձամբ փորեցին եւ պատրաստեցին կառուցման ընթացքի մէջ եղող թանգարանին մուտքին գտնուող հողակոյտին այն բաժինը, ուր պիտի զետեղուի Ապրիլեան Նահատակաց յուշարձանը:
Ասիկա յատկանշական նախաձեռնութիւն մըն է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու հիմնական ապաստանը հանդիսացած «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ տեղի ունեցած:
CATEGORIES Գաղութային

