Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին Նուիրուած Համերգ
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին, հինգշաբթի, 26 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ «Միհր» եւ «Գարապալա» խումբերուն:
Երեկոյին բացման խօսքը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին անունով արտասանեց Գուրգէն Գատեհճեան, որ նշեց, թէ՛ մշակոյթի ճամբով նահատակներու յարգանքի մատուցումը եւ յիշողութեան վերապրումը կարեւոր են թէ՛ հաւաքականութեան եւ թէ՛ ժառանգութեան պահպանման ի խնդիր: Ան յայտնեց, որ այս համերգը շարունակութիւնն է նախորդ տարի սկիզբ առած դասական համերգի յաջողութեան:
Ապա բեմ բարձրացաւ «Գարապալա» խումբը, որուն մաս կը կազմեն Ալին Նագաշեան (երգեցողութիւն), Խաչիկ Տեմիրճեան (ջութակ եւ երգեցողութիւն), Հրակ Գարագաշեան (կիթառ եւ երգեցողութիւն) եւ Արամ Փափազեան (հարուածային գործիքներ): Անոնք ներկայացուցին «Նուպար»-ը, «Սարի սիրուն եար»-ը, «Շալախօ»-ն, «Աղունիկ»-ը, «Մոկաց հարսեր»-ը եւ «Հապրպան»-ը:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Միհր»-ը, որ երգեց ու նուագեց «Համամ»-ը, «Պսակի երգ»-ը, «Կաքաւիկ»-ը, «Նազանի»-ն եւ «Տորք Անգեղ»-ը: Խումբին անդամներն են Սիմոն Գալայճեան (դաշնակ), Հայկ Կրակեան (կիթառ եւ երգեցողութիւն), Նայիրի Գալայճեան (երգեցողութիւն եւ Ֆլիւթ), Հրակ Փափազեան (տուտուկ եւ երգեցողութիւն), Մարթին Նասիք (պաս) եւ Արամ Փափազեան (հարուածային):
Աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին զոյգ խումբերը իրենց բարձրորակ կատարումներով արժանավայել յարգանքի տուրք մատուցեցին հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, իսկ ներկայ մեծաթիւ երիտասարդները հաւաքաբար ուխտեցին շարունակել պահանջատիրութիւնը:

