«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պատմութեան Եւ Ժամանակակից Միջազգային Քաղաքականութեան Մէջ» Նիւթով Կլոր Սեղան
Կազմակերպութեամբ Գիրքի լիբանանեան ակումբին երէկ` ուրբաթ, 27 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Էշրեֆիէի Լազարեան հայրերու վանքի «Հայր Ֆարիտ Ժապըր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան` «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմութեան եւ ժամանակակից միջազգային քաղաքականութեան մէջ» նիւթով:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները դիտեցին «Արարաթ ին հաքա» վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէր հայոց պատմութենէն կարեւոր դրուագներ եւ Հայաստանի ու Արցախի բնութեան հրաշալիքները:
Օրուան զեկուցաբերներն էին դոկտ. Քրիսթին Պապիկեան-Ասսաֆ, Ուիսամ Սաատէ եւ Միշել Մըայքի:
Կլոր սեղանի առաջին զեկուցաբերն էր Միշել Մըայքի:
Ան Գիրքի լիբանանեան ակումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները ամէն տարի առիթ են յիշեցնելու աշխարհին թուրքին կատարած անմարդկային ոճիրը եւ պատասխանատուութեան կանչելու զայն: Ան ընդգծեց, որ Ցեղասպանութիւնը կարելի չէ ուրանալ, որովհետեւ իսկապէս տեղի ունեցած է եւ մեծ թիւով պետութիւններ ընդունած են եւ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Խօսելով Թուրքիոյ վարած ներկայ քաղաքականութեան մասին` Մըայքի յայտնեց, որ Թուրքիա այսօր Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղարար ուժի դեր ստանձնած է եւ կը փորձէ ժողովրդավարութիւն հաստատել այդտեղ, մինչ ինք տակաւին չէ ընդունած իր գործած ոճիրներուն ու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ չէ ստանձնած պատասխանատուութիւնը այդ բոլորին: Միշել Մըայքի նաեւ հաստատեց, որ ինք լաւապէս ծանօթ է Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին խորհուրդին եւ կը ճանչնայ Թուրքիոյ գործած աւերները Լիբանանի մէջ:
Դոկտ. Քրիսթին Պապիկեան Ասսաֆ ներկայացուց հայկական ինքնութեան բաղկացուցիչները, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը` ազգային ինքնութեան, մշակոյթի, արժէքներու եւ լեզուի պահպանման մէջ: Ասսաֆ իր կարգին նշեց, որ Լիբանանն ալ այլ փոքր երկիրներու նման եղած է օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ ծանօթ է անոր վայրագութիւններուն:
Ան պատմական ակնարկով մը ներկայացուց այդ օրերուն օտար պետութիւններու ազդեցութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ծրագիրներուն վրայ: Վերջապէս, խօսելով մէկուկէս միլիոն նահատակներուն մասին, ան յայտնեց, որ թիւը կարեւոր չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի ինքնուրոյն արժէք թէ՛ իբրեւ մարդ եւ թէ՛ իբրեւ հայ անհատ:
Ուիսամ Սաատէ իր կարգին խօսելով Թուրքիոյ վարած ներկայ քաղաքականութեան մասին ըսաւ, որ Անգարա այսօր կը փորձէ բարեփոխումներ կատարել երկրին մէջ, եւ այսօր կը սերտուի կարելիութիւնը թրքական պատմութեան մէջ ջարդերուն մասին տեղեկութիւններ ներառելու, որպէսզի ներկայ սերունդը դիւանագիտական գետնի վրայ գիտնայ այդ մասին: Ուիսամ Սաատէ շեշտեց, որ Թուրքիոյ կատարածը հայ ժողովուրդին նկատմամբ ծրագրուած էր. անիկա սկսաւ շրջաններուն մէջ ջարդելով եւ աւարտեցաւ Ցեղասպանութեամբ:
Այս իմաստով ան ներկայացուց օտար եւ յատկապէս եւրոպական երկիրներու ազդեցութիւնն ու օժանդակութիւնը թուրքերուն, թէ՛ ծածկելով իրողութիւնը, թէ՛ ալ բացայայտօրէն օժանդակելով ցեղասպան երկրին:

