Մոռնինկսթար Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնի Թեկնածու

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա քոնկրեսին Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար առաջարկած է արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրասիոյ ուժանիւթային հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Մոռնինկսթարի թեկնածութիւնը:

Մոռնինկսթար իր ասպարէզը սկսած է «Փիպատի էնտ Պրաուն» իրաւաբանական ընկերութենէն (այժմ` Նիքսըն Փիպատի): Ապա ան աշխատած է «Քոսթար Քորփորէյշըն»-ի մէջ` իբրեւ ընդհանուր տնօրէն, իսկ 1990-էն ետք` կառավարման խորհուրդի նախագահ: Յունիս 1993-էն ետք ան վարած է Արտերկրեայ մասնաւոր ներդրումներու ընկերակցութեան քաղաքականութեան ու ներդրումային զարգացման հարցերով աւագ փոխնախագահի պաշտօնը:

1999-2001-ին ան եղած է Եւրոպական Միութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, իսկ 20 ապրիլ 2009-էն ետք Մոռնինկսթար նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրասիոյ ուժանիւթային հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ:

Share this Article
CATEGORIES