Ժիւտօ. Յովհաննէս Դաւթեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Ռուսիոյ Չելիապինսքի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ժիւտոյի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Դաւթեան, 60 քկ դասակարգին մէջ, տիրանալով արծաթ մետալի, հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

Ան թէեւ յաջորդաբար յաղթեց ֆինլանտացի, թուրք, յոյն եւ ուքրանացի իր մրցակիցներուն, սակայն աւարտականին պարտուեցաւ Պեսլան Մուտրանովէն (Ռուսիա):

Արմէն Նազարեան (66 քկ) իր կատարած առաջին իսկ մրցումին պարտուեցաւ, մինչ աղջկանց մրցումներուն անոր օրինակին հետեւեցան Հայաստանի երկու այլ ներկայացուցիչները` Գայեանէ Յարութիւնեան (48 քկ) եւ Ժաննա Սթանքեւիչ (57 քկ):

Շաբաթավերջին, յաջորդաբար մրցասպարէզ դուրս պիտի գան նաեւ Արտեոմ Պաղտասարեան (81 քկ) եւ Յակոբ Առաքելեան (100 քկ):

 

Share this Article
CATEGORIES