Նախագահ Սլէյման Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Քլինթընի Հետ

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ, քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Քլինթըն դրուատեց Պաղտատի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Սլէյմանի արտասանած ճառը, որուն մէջ նշուած էր, թէ անհրաժեշտ է որդեգրել ժողովրդավարութիւնը եւ ապահովել բոլոր ուժերուն մասնակցութիւնը` քաղաքական կեանքին:

Քլինթըն Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը յայտնեց դրուատելու այդ ուղղուածութիւնը:

Քլինթըն շեշտեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու իր օգնականը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Պէյրութ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ կան խորհրդարանական շարք մը հարցեր եւ ծրագիրներ, որոնք պէտք է քննարկել եւ վաւերացնել` յօգուտ լիբանանցիներուն կարիքներուն եւ անոնց մատուցուելիք ծառայութիւններուն:

Նախագահական պալատ այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Էլիաս Սքաֆ եւ Իպրահիմ Նաժժար:

Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ զէնք եւ զինամթերք փոխադրող նաւուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES