Մովսիսեան Եւ Փիցելլի Կոլեր Նշանակեցին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 41-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Վոլկա Նիժնիի: Քրասնոտարի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկ Եուրա Մովսիսեան, որ տուպլէ մը իրագործեց (3-րդ եւ 45-րդ):

Նշենք, որ այժմ Քրասնոտար 59 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:

Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող այլ մարզիկ մը` Մարքոս Փիցելլի, որ մաս կը կազմէ Քուպան Քրասնոտարի, Ռուպին Քազանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1-1) նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը (69-րդ): Դաշտին տէրերը 84-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեցին իրենց հաւասարութեան կոլը:

Share this Article
CATEGORIES