Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ` 2-1

Ռիատի - Անիպալ երէկուան մրցումէն (PROFOTO)

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ երրորդ մրցումը:

Դաշտին տէրը` Ռիատի, 88-81 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ 2-1 արդիւնքով գերազանցել իր մրցակիցը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 17-33, 43-43, 59-66 եւ 88-81:

Թէեւ Անիպալ մրցումին ընթացքին ընդհանրապէս կը տիրապետէր իր մրցակիցին վրայ, սակայն վերջին քորթըրին պատկերը շրջուեցաւ եւ պէյրութեան կազմը ինք տարաւ վերջնական յաղթանակը:

Այսօր տեղի պիտի ունենայ Շանվիլ – Սաժես Պէյրութ երրորդ մրցումը: Իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, Շանվիլ պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:

 

Share this Article
CATEGORIES