Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Երեքշաբթի, 1 մայիս 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Վեհափառը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի մնայ մէկ շաբաթ եւ պիտի նախագահէ Շարժայի, Տուպայի եւ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունենալիք եկեղեցական ու համայնքային ձեռնարկներուն: Վեհափառին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան հիմնական նպատակը Ապու Տապիի մէջ նոր եկեղեցւոյ մը հիմնարկէքն է:

Ապա վեհափառը պիտի մեկնի Իրան, ուր պիտի մնայ շուրջ երեք շաբաթ: Ան յաջորդաբար պիտի այցելէ Թեհրանի, Սպահանի ու Ատրպատականի թեմերը եւ պիտի նախագահէ հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն: Այս առիթով նաեւ պիտի գումարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ շուրջ տասը տարիներ առաջ սկսած միջկրօնական երկխօսութեան նուիրուած համագումարը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES