Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայի, Ապու Տապիի Եւ Շարժայի Մէջ
Այս օրերուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութներուն: Երեքշաբթի, 1 մայիսին վեհափառը ժամանեց Տուպայի օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի դեսպանին եւ Ազգային վարչութեան կողմէ:
Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ նաեւ ներկայ էին նոյն շրջանի Հայաստանի դեսպանը եւ իր կինը, կաթողիկոսարանի բարերար եւ Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Սուրէն Վարդանեան եւ Շարժայի, Տուպայի եւ Ապու Տապիի գաղութին մէջ գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ ու ազգային երեսփոխաններ: Յայտնենք նաեւ, որ նոյն ժամուն Լիբանան վերադառնալու համար օդակայան կը գտնուէր Լիբանանի ներքին գործոց նախարարը, որուն հետ վեհափառը հանդիպում մը ունեցաւ եւ խորհրդակցեցաւ Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ:
Վեհափառին եւ Ազգային վարչութեան առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ նոյն օրը յետմիջօրէին: Քննարկուեցան գաղութը յուզող հարցեր: Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ վեհափառին ճաշկերոյթ մը սարքեց թեմի ազգային երեսփոխաններէն Հրայր Սողոմոնեան: Ճաշկերոյթի աւարտին վեհափառը մեծապէս գնահատեց Հրայր Սողոմոնեանի ազգային-եկեղեցական ծառայութիւնները եւ այս առիթով խաչ մը նուիրեց անոր:
Յաջորդ օրը, կաթողիկոսարանի եւ գաղութի բարերարներէն Յարութ Օհաննէսեան յատուկ ճաշկերոյթով պատուեց վեհափառը: Ճաշկերոյթին այլ հիւրերու կարգին ներկայ եղան նաեւ մեծ թիւով ազգայիններ:
Չորեքշաբթի երեկոյեան, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցւոյ մուտքին վեհափառը դիմաւորուեցաւ Ազգային միօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան կողմէ: Օրուան պատարագիչն էր թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանը: Իր պատգամին մէջ վեհափառը գնահատանքով անդրադարձաւ Շահէ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան կատարած ծառայութեան, ապա իր հոգեւոր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ ապրելու հրամայականին վրայ` բնաբան ունենալով Աւետարանի հետեւեալ խօսքը. «Ուր որ ձեր գանձը կը գտնուի, հոն թող ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը»:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Հինգշաբթի օր վեհափառը հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային վարչութեան հետ: Ի պատիւ իրեն Ազգային վարչութեան կողմէ սարքուած ճաշկերոյթէն ետք վեհափառը մեկնեցաւ Ապու Տապի:

