Նոր Հրատարակութիւն. Պատմելու Արուեստն Ու Պատմութեան Ազատագրումը

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէններն ու յատկապէս հեղինակային վաւերագրական ժապաւէնները մեծ թիւ չեն ներկայացներ:

Սակայն շատ աւելի քիչ են Ցեղասպանութենէն վերապրողներու նկարահանման հետ կապուած ուսումնասիրութիւնները:

Սիւզան Խարտալեանի հեղինակած նոր աշխատասիրութիւնը նուիրուած է վերապրողներու նկարահանման առնչուող հարցադրումներուն, խնդիրներուն:

Վերապրողներուն նկարահանումը կ’ենթադրէ գործ ունենալ վերապրողի կեանքէն, յիշողութենէն, լեզուէն, ներաշխարհէն պատառիկներու հետ, հատուածներու հետ, որոնք դժուար, թէ առանձին առած, ունենան պատմելու, storytelling-ի առանցքային տարրեր, ինչպիսիք են ժամանակն ու տարածութիւնը, մշակութային ենթահողը:

Դանիացի գրող Karen Blixen կ՛ըսէ. կեանքի բոլոր ցաւերը կարող են ըմբռնելի դառնալ, միայն երբ կարենանք այդ տառապանքները պատմութեան վերածել:

Պատմելը, պատմութիւնը կ’օգտագործուի անհաղորդելի պայմաններ ճանաչելու, նոր գաղափարներ ընդունելի դարձնելու համար:

Իւրաքանչիւր պատմութիւն ունի երեք տարր, սկիզբ, իւրաքանչիւրս փոքր տարիքէն արդէն գիտենք, որ պատմութիւնները ընդհանրապէս կը սկսին կար ու չկարով: Աստիճանաբար պատմողը կը բանայ ծալքերը, կը պարզէ պատմութեան կորիզը:

Այստեղ արդէն պէտք է առաջադրել յստակ շահագրգռուած կողմեր, հակամարտութիւն, բախում, խնդիր, պահանջ, ակնկալիքներ եւ մանաւանդ` նպատակ:

Սակայն այս բոլոր պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են յաջող պատմութիւն պատմելու համար, ապա գրեթէ բոլոր այս տարրերը բացակայ են, նոյնիսկ անգոյ են, երբ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ մարդու ոդիսականը կ՛ուզենք հրամցնել եկող սերունդներուն եւ կամ համաշխարհային հանրութեան:

Հայ մարդու, հայ վերապրողի պատմութիւնը չունի սկիզբ, մէջ եւ վերջ:

Այս պայմաններու տակ ի՞նչպէս կարելի է փշրանքներէն ամբողջութիւն մը կերտել: Փաստօրէն, վերապրողի կեանքը սահուն հոսող գետ մը չէ: Անոր կեանքը կը յատկանշուի մէկ անկրկնելի իրողութեամբ: Կեանք մը` ցեղասպանութենէն առաջ, որ գայ, պատմէ կորսուած աշխարհի մը մասին, ուր նոյնիսկ աշխարհագրականօրէն վայրերու, քաղաքներու եւ գիւղերու անունները կորսուած են առյաւէտ: Անոր օգտագործած լեզուն` հայերէնի տարբեր բարբառները գրեթէ ամբողջութեամբ վերացած են:

Յետոյ արդէն կայ ինքը` ցեղասպանութիւնը, լրիւ մէկ ուրիշ աշխարհ, անօրէն եւ անօրինակ: Ժամանակահատուած մը, որ շուռ կու տայ հասարակական, քաղաքակրթական բոլոր ծանօթ չափանիշները: Ուր բառերը կը կորսնցնեն իրենց իսկական իմաստը: Ուր անօթութիւնը, ծարաւը, սովը, անապատը, այրող արեւը եւ բոլոր հասարակ բառերը կը կորսնցնեն իրենց բնական իմաստը:

Եւ անշուշտ կայ երրորդ ժամանակահատուածը, յետ-ցեղասպանութիւն ժամանակը, որ խորքին մէջ, յամենայն դէպս, կը մնայ առաջին երկու ժամանակներուն պատանդը:

Վերապրողը նաեւ պատանդ է, կը մնայ մինչեւ վերջ, այն landscape-ին, որ հայրենիքն է, կորուսեալ հայրենիքը, անապատն է, սպանդի դաշտերը: Որոնք նաեւ վերացական են:

Ժապաւէնը այն արուեստն է, ուր շօշափելին – տեսանելին առանցքային են հանդիսատեսին հասնելու, անոր վրայ ներգործելու համար: Վերապրողին պատմութիւնը, իր բոլոր անմարդկային մանրամասներով, մարտահրաւէր է նկարահանող բեմադրիչին համար:

Ահա այս հարցերուն պատասխանելու փորձ է Սիւզան Խարտալեանին վերոնշեալ աշխատասիրութիւնը:

Յենելով 25 տարիներու շարժանկարային իր փորձառութեան վրայ, Սիւզան Խարտալեան կը բիւրեղացնէ վերապրողներուն եւ հոգեխոցուած  ներաշխարհ ունեցող մարդոց հետ աշխատելու, ինչպէս նաեւ` նկարահանման մեկ իւրայատուկ մեթոտաբանութիւն:

Գիրքը լոյս տեսած է Սթոքհոլմ, 2009-ին: Հրատարակութիւն` Dramatiska Institutet: Կողքի նկարը` Տէր Զօր, յիշողութիւն կորսնցուցած վայրը:

Գիրքի շուէտերէն խորագիր` «Berattandets Befrielse: Att filma overlevande fran det armeniska folkmordet», Suzanne Khardalian, Stockholm 2009, skriftserie 9-09.

Հեղինակ` ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Հրատարակութիւն`
Տրամաթիք հիմնարկ, Սթոքհոլմ 2009

Share this Article
CATEGORIES